Չինաստանի Ցինդաօ քաղաքին մէջ ՀՀ համագործակցութեան գրասենեակ բացուած է

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Սերգէյ Մանասարեանի եւ ՉԺՀ մէջ ՀՀ առեւտրային կցորդ Հրանդ Ապաճեանի` ՉԺՀ Ցինդաօ քաղաք կատարած այցին ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 17-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնի նախագահ Լու Ճանկի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ ՀՀ համագործակցութեան գրասենեակի բացման արարողութիւնը, որ ազդարարուեցաւ ՀՀ Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի, Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան եւ «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին միջեւ պայմանագրերու ստորագրումով: Համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրուեցաւ նաեւ ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին միջեւ:

«Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին հետ ՀՀ համագործակցութեան գրասենեակի բացման վերաբերեալ շուրջ կէս տարի տեւած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ձեռք բերուած էր համաձայնութիւն, որ հայկական կողմէն գրասենեակի գործառոյթները պիտի իրականացուին ՀՀ Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան կողմէ: Գրասենեակին գործառոյթները պիտի տարածուին Չինաստանի հիւսիսային հատուածին մէջ` ընդգրկելով 19 նահանգ: