Հայ Տունը կը նշէ Հոգատարներու Ազգային Շաբաթը

Հոգատարներու Ազգային Շաբթուան Առիթով, Հինգշաբթի 9 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00էն 9:00, Մոնթրէալի Centre de Loisires Communautaires Lajeunesse-ի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ Տունի նախաձեռնութեամբ դասախօսութիւն-զրոյցը « Être proche aidant (PA) tout en exerçant un emploi ne doit plus être un combat solitaire ! » «Հոգատար ըլլալ, միեւնոյն ատեն պաշտօն վառելով անհատական պայքար մը պէտք չէ ըլլայ հետ այսու» խորհագրով:

Այս դասախօսական հանդիպումը իրականացաւ Appui Montréal-ի նիւթական հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպուեցաւ 8 տեղական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ՝ CIUSSS du Nord de l’île-de-Montréal, Société Alzheimer de Montréal, Famille Nouvelle, Le centre de jour de la Résidence Berthiaume-du Tremblay, Le centre de jour de la Résidence Angelica, Tellement bien chez-soi (Remue-ménage), Soins Gabrielle եւ Soins à Domicile:

Ձեռնարկը իւրայատուկ էր իր ձեւին մէջ, որովհետեւ մօտաւորապէս սկիզբի 45 վայրկեանները տրամադրուեցան, երեցներով զբաղող հոգատարներուն համար գոյութիւն ունեցող ծառայութիւններու ցուցադրութեան: 26  կազմակերպութիւններու կրպակներ տրամադրուած էին, ցուցադրելու համար իրենց ծառայութիւնները եւ երեցներու առօրեան դիւրացնող ինչքերը:

Ցուցադրութեան յատկացուած ժամանակէն ետք, յայտագրի բացման խօսքը արտասանեց Հայ Տունի տնօրէնուհի Տիկին Նարօտ Օտապաշեան, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորելով հոգատարներուն իրենց շաբթուան առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Appui Montréal-ին եւ ծրագրի գործակիցներուն:

Տիկին Օտապաշեան, խօսքը փոխանցեց օրուան հաղորդավար՝ Պարոն Ուինսթոն ՄաքՈւէյտին, որ հոգատարներուն տարած աշխատանքը բարձր գնահատող կարճ նախաբանէ մը ետք, խօսքը տուաւ երկու հոգատարներու որոնք իրենց վկայութիւնները բաժնեկցեցան ներկաներուն հետ: Հոգատարներէն առաջինը Հայ Տունի կողմէ, Պարոն Ռընէ ՏըԿրընիէն էր, իսկ Երկրորդը Մարթին Լիբէ, Centre de jour Berthiume De Tremblay-ի կողմէ: Երկու հոգատարներն ալ շեշտը դրին, միեւնոյն ատեն աշխատելու եւ ընտանիքի տարեց անդամներու հոգ տանելու մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն վրայ, նշելով թէ ինչ միջոցներու դիմած են որպէսզի աշխատանք-խնամք համադրելը նուազ ծանր ընթանայ:

Վկայութիւններէն ետք, Տիկին Սարահ Նոկ- Թէլիւք TELUQ համալսարանի դասախօս, ներկայացուց իր տարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները աշխատող հոգատարներու նիւթին շուրջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ տեղի ունեցած ծառայութիւններուն եւ դիւրութիւններուն մասին, յատկապէս փոքր եւ միջակ ընկերութիւններու մէջ: Երկրորդ դասախօսը Տիկին Սիլվի Ռիոբէլն էր, որ Regroupement des Aidants et Aidantes Naturels de Montréal-ի, կազմակերպական կեանքի հարցերու պատասխանատուն է: Տիկին Ռիոբէլ, հարցազրոյցի ձեւով պատասխանեց Պարոն ՄէքՈւէյտին հարցումներուն, յատկապէս անդրադառնալով, Հոգատարներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, քաղաքական գետնի վրայ տարուած աշխատանքին մասին: Ան շեշտը դրաւ Regroupement-ի հետապնդումներու եւ ճնշումներու հետեւանքով ձեռք ձգած իրագործումներուն վրայ:

Վերջապէս, Centre de jour Berthiume De-Tremblay-ի ընկերային ծառայող Տիկին Էլէն Գլավէ, խօսեցաւ հոգատարներուն դիմագրաւած հոգեկան եւ ընկերային դժուարութիւններուն եւ ճնշումներուն մասին, չմոռնալով որ հոգատար դառնալը կրնայ նաեւ դրական արձագանքներ ձգել հոգատարին եւ տարեցին վրայ, ինչպիսին է անոնց յարաբերութիւններու մերձեցումը:

Դասախօսներու ներկայացումներէն ետք, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն որ իրենց հարցումները ուղղեն կամ մէջբերումները կատարեն այս նիւթին շուրջ, յաճախ հոգատարի կամ նախկին հոգատարի իրենց վկայութիւնները փոխանցելով:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ նոյնանման ապագայ ծրագիրներ կազմակերպելու նպատակով եւ յոյսով, եւ այդ մէկը ներկաներուն եւ կազմակերպողներուն կողմէ:

 

Թալին Լատոյեան