Nayiri.com առցանց բառարանը, կը տեղեկացնէ, որ թողարկած է կայքին 105-րդ բառարանը՝ Պետրոս Զէքի Կարապետեանի «Մեծ բառարան օսմաներէնէ հայերէն», որ լոյս տեսած է Պոլիս, 1912-ին։ Բառարանը զանազան ոլորտներու մէջ կրնայ օգտակար ըլլալ.
(Ա) հայերէնի մէջ թրքերէնէ, պարսկերէնէ եւ արաբերէնէ փոխառեալ բառերու ստուգաբանութեան համար,
(Բ) հայոց ազգանուններու ստուգաբանութեան համար,
(Գ) Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ օսմանեան շրջանը հետազօտողներու համար, եւ
(Դ) որպէս պարսկերէնէ հայերէն եւ արաբերէնէ հայերէն բառարան(օսմաներէնը ունեցած է մեծ թիւով պարսկերէն եւ արաբերէն բառեր)
Բառարանին պատկերահանուած տարբերակը որոնելի է գլխաբառերով եւ հասանելի է հետեւեալ հասցէով՝ http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=115
Կայքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» այս բառարանի առցանց տարբերակը հովանաւորելու համար։