Ընթացիկ տարուան Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախ այցելած օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ նախորդ տարուան համեմատ՝ աճած է շուրջ 40 տոկոսով, իսկ 2015-ի համեմատ 28 տոկոսով:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեանը` նշելով, որ դեռ չամփոփած տուեալներով արդիւնքները գոհացուցիչ են եւ մինչեւ տարեվերջ անիկա դեռ պիտի աճի:
Նախարարին խօսքով` ոլորտի զարգացումը մշտապէս կը գտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին:
«ԱՀ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով՝ 2017-ին իրականացած են Հադրութի շրջանի Տող գիւղի Մելիքական ապարանքի տարածքի բարեկարգման եւ յարմարեցման աշխատանքներ: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի աւարտին հասցնել Ասկերանի բերդի հիւսիս-արեւելեան հատուածի վերականգնման աշխատանքները: Մասնաւոր ֆինանսաւորումով` ընթացիկ տարին վերականգնման աշխատանքներ իրականացած են ԱՀ Մարտունիի շրջանի Մուշկապատ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Շուշիի Վերին մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուող Մետրեսէի շէնքի եւ Դադիվանքի վանական համալիրի տարածքին»,- ըսած է Շահուերդեանը եւ նշած, որ Մուշկապատի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած են, իսկ Դադիվանքի վանական համալիրի եւ Մետրեսէի շէնքի վերականգնման աշխատանքները կը նախատեսուի շարունակել յաջորդ տարի:
2018-ին ԱՀ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով ծրագրուած է վերականգնել նաեւ Ասկերանի բերդի միջնաբերդի հատուածը, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր Գտչավանքի գլխաւոր եկեղեցւոյ եւ գաւիթի տանիքները:
«Մասնաւորապէս բոլոր զբօսաշրջավայրերը, որոնք ընդգրկուած են Արցախի զբօսաշրջային երթուղիներու ցանկին վրայ, կը գտնուին բարեկարգ վիճակի մէջ կամ ալ բարեկարգման ընթացքի մէջ են: Յաջորդ տարի պիտի շարունակենք այս տարի գործարկուած «Թուրպուս» զբօսաշրջային ուղեւորափոխադրումները, քանի որ կը կարծենք, որ յաջողած նախագիծ է: Նոր երթուղիներու մասին դեռ կանուխ է խօսիլ. ստոյգ ժամկէտները ճշդելէ ետք՝ անիկա պիտի ներկայացուի հանրութեան»,- ըսած է Շահուերդեանը:
Խօսելով յաջորդ տարի իրականացուելիք աշխատանքներուն մասին` նախարարը նշած է, որ գիւղական համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման համար պիտի խրախուսեն օրինակ` «BnB» (անկողին եւ նախաճաշ) կարգի հիւրատուներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային նոր նախագիծի ձեւաւորման եւ խթանման միջոցով: Բացի այդ, մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի թուային շուկայագիտութեան միջոցով Արցախի վաճառանիշի տարածման վրայ, որ համացանցային տիրոյթին մէջ աւելի պիտի նպաստէ Արցախի ճանաչելիութեան: Այս ուղղութեամբ կը նախատեսուին Հայաստանի եւ արտերկրի զբօսաշրջութեան բնագաւառի մասնագէտներու հետ խորհրդատւութիւններ: