11-ամեայ Դաւիթ Պաղտասարեանը մարդ-մեքենայի (robot) շինութեամբ կը հետաքրքրուի արդէն քանի մը տարիէ: Անոր ստեղծած դեռ միակ տարբեր աշխատանքներ կատարող մարդ-մեքենան կրնայ վերցնել, տեղափոխել եւ տեղադրել առարկաները, ինչպէս նաեւ կարդալ եւ հարցերու պատասխանել: Ան ունի նաեւ տեսախցիկ:
PanARMENIAN.Net-ին Դաւիթը պատմած է, որ մարդոց կենցաղը հեշտացնող մարդ-մեքենայ ստեղծելու մասին շատոնցէ ի վեր կ՛երազէր:
«Մարդ-մեքենայ ստեղծելու բազմաթիւ գաղափարներ յառաջացան «Աղուէս» ծրագիրը սորվելու ընթացքին, եւ ես որոշեցի որքան հնարաւոր է շատ բան իմանալ այս բնագաւառի մասին»,-ըսած է ան:
Դաւիթը տարբեր աշխատանքներ կատարող մարդ-մեքենան պատրաստած է նախապէս իր սարքած քանի մը այլ մարդ-մեքենաներու համադրութեամբ: «Երկու ամսուան մէջ պատրաստած եմ մարդ-մեքենան` Arduino IDE եւ Snap4arduino ծրագիրներու միջոցով»,- ըսած է ան:
Պատանին մտադիր է կատարելագործուիլ մարդ-մեքենաշինութեան բնագաւառին մէջ: Այժմ ան կը պատրաստուի բերք հաւաքող մեքենայ ստեղծելու: