ԹՄՄ Վանքուվըրի մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած ընկերային 9-րդ ձեռնարկը որ իրագործուեցաւ Նոյեմբեր 25-ին քաղաքիս հանրածանօթ Բասբարոս ճաշարանին մէջ, ԹՄՄ անդամներու եւ բարեկամներու խանդավառ շրջանակի մը պարգեւեց անցեալ ձեռնարկները գերազանցող աննման երեկոյ մը:
Օրուայ թամատան իր վարպետութեամբ համբաւաւոր՝ տիկին Ռոզի Թոքաթլեանը, ողջունեց ներկաները, եւ շնորհաւորեց կազմակերպիչ յանձնախումբի իր գործակիցները: Բարեմաղթանքներու եւ սրամտութիւններու ջերմ խօսքերով ան բացումը կատարեց տարեվերջի ամանորեան հանդիսութիւններու աւանդական շարքին: Ապա, սպասարկուեցաւ համեղ ճաշը: Անմիջապէս յետոյ, անակնկալօրէն բերուեցան կաղանդի նուէրներ, որոնք բաժնուեցան անխտիր իւրաքանչիւր ներկայի, ձեռամբ ատենապետուհիին, որ խանդավառութիւնը եւ զուարթ մթնոլորտը հասցուց գագաթնակէտին: Արդէն բոլոր տրամադրութիւնները պատրաստ էին սկսելու խմբային զուարթ հայկական երգերը, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ երեկոն:
Կարծես ոչ ոք չէր ուզեր մեկնիլ: Ուրեմն մեր ճարտար ատենապետուհին իր ընկերային հիւմըրովը, տեղւոյն վրայ կազմակերպեց խաղեր, որոնց ուրախութեամբ մասնակցեցան ներկաները եւ մեծ հաճոյքով կատարուեցաւ իւրաքանչիւրէն ակնկալուած դերը: Խնդուկի բացագանչութիւնները կը լեցնէին ճաշարանը ու կը տարածուէին մինչեւ փողոցը: Այսպէս, երկար ժամեր անցնելէ ետք էր, որ առանց ուզելու ներկաները ստիպուած բաժնուեցան այս խանդավառ միջավայրէն, պնդելով սակայն որ մեր վարչականները աւելի յաճախ կազմակերպեն նոյնանման հաւաքոյթներ:
Ներկայ մը