Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Թոնի Քլեմընթ յորդորած է երկրի կառավարութիւնը դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հանդէպ բռնութիւններու գործադրումը:
Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, պատգամաւորը խօսած է Դեկտեմբեր 11-ին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին:
Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային օրուան նուիրուած իր ելոյթին մէջ, պատգամաւորը ընդգծած է, որ թէեւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու շատ օրինակներ կան, որոնց մասին կարելի է բարձրաձայնել, սակայն ան կ՝ուզէ այս պահուն շեշտել Արցախի Հանրապետութեան կամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն հետեւանքով մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն մասին: «Ես ամրան ընթացքին այցելած էի այդ տարածաշրջան One Free World International կազմակերպութեան հետ եւ անձամբ ուսումնասիրած եմ տեղի հակամարտութիւնը, մարդու իրաւունքներու սարսափելի խախտումները, որոնցմէ կը տուժեն մարդիկ, որոնց միակ ցանկութիւնը խաղաղութեան մէջ ապրիլն է: Մենք հանդիպեցանք մայրերու հետ, որոնք հակամարտութեան ընթացքին կորսնցուցած են իրենց որդիները: Ես ականատես եղած եմ անմեկնելի սարսափներու»,- նշած է պատգամաւորը:
Ան ընդգծած է, որ իր միակ ցանկութիւնը Արցախը խաղաղ ու բարգաւաճող տեսնելն է, ուր մարդիկ կրնան կողք կողքի ապրիլ դրացիներու, անգամ Ատրպէյճանի հետ:
Ան յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով կը զբաղի ԵԱՀԿ-ը, որուն անդամ է նաեւ Գանատան: «Ես կը յորդորեմ Գանատայի կառավարութեան՝ դատապարտելու տարածաշրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ աշխատելու ԵԱՀԿ-ի հետ` կանխելու հակամարտութեան յետագայ սրացումները»,- ըսած է Թոնի Քլեմընթ: