Հայկական արտադրութեան «Խելացի Օրօրոց»ը հեքիաթ պիտի պատմէ ու պիտի քնացնէ երեխան

Հայաստանի մէջ արտադրուած է Cribby կոչուող բազմագործառոյթ օրօրոցը, որ կարելի է կարգաւորել սմարթֆոնի միջոցով: Ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ նախագիծի հեղինակներէն Սերգէյ Նաւասարդեան պատմած է, որ ծնողներու կենցաղը հեշտացնող «խելացի» օրօրոց ստեղծելու գաղափարը ունէին վաղուց: Այդ ուղղութեամբ Cribby-ի` ծրագրաւորողներէ եւ ձեւաւորողներէ բաղկացած խումբը սկսած է բուռն աշխատելու 2017-ի աշնան: Այժմ կը պատրաստուին հանրութեան ներկայացնելու օրօրոցի նախատիպը:

«Cribby-ն զինուած է տեսախցիկով, կշիռքով, ձայնագրուած գիրքերու նուագարկիչով, որով կարելի է նաեւ լսել յատուկ օրօրոցի համար ձայնագրուած տարբեր ժողովուրդներու օրօրոցայիններ: Այսինքն օրօրոցը ծնողքի փոխարէն օրօրոցային պիտի կատարէ, հեքիաթներ պիտի պատմէ երեխային»,- կ՛ըսէ Սերգէյ Նաւասարդեան:

Անոր խօսքով` օրօրոցը հնարաւորութիւն պիտի տայ տեսակապի, ձայնի եւ օդի սենսըրի միջոցով հեռաւորութեան վրայ հետեւելու երեխային, կառավարելու օրօրոցը` սմարթֆոնի մէջ ներբեռնելով յատուկ յաւելուած:

«Երեխայի շարժուելուն պէս ծնողքը պիտի իմանայ, որ ան արթնցած է: Եթէ լայ` նոյնպէս առաջինը պիտի իմանայ այդ մասին` ստանալով ծանուցում իր հեռախօսին վրայ», -կ՛ըսէ ան։

Ըստ Նաւասարդեանին՝ Օրօրոցը կը լուսաւորուի, ունի առաջին անհրաժեշտութեան իրերու համար դարակներ` մանկական խնամքի պարագաներով: Օրօրոցը պատրաստուած է բնութեան համար անվտանգ նիւթերէ: Օգտագործուած է հիմնականօրէն փայտ։

Հայկական շուկայէն զատ նախագիծի հեղինակները օրօրոցը պիտի փորձեն ներկայացնել նաեւ արտասահմանեան շուկաներու մէջ: Ամէն ինչ պիտի ընեն, որ արտադրանքը մատչելի ըլլայ հայ ծնողքին համար:

«Անկասկած Cribby-ն պիտի գտնէ իր տեղը շուկայի մէջ: Ան պարզապէս շատ հաճելի օգնական է: Իսկ նորածինները ափսոս խօսիլ չեն գիտեր, եթէ ոչ անպայման պիտի ըսէին, թէ ինչ լաւն է Cribby-ն»,- կ՛աւելցնէ Ս․ Նաւասարդեան: