Քանդակագործ Հայկ Թոքմաճեանի համար անցնող 2017-ն աշխատանքային առումով հարուստ ու յագեցած տարի էր: Panorama.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ քանդակագործը ամփոփած է անցնող տարին ու խօսած 2018-ի սպասումներուն մասին:
Արդէն մէկ տարի է, որ ան կ՝աշխատի նոր նախաձեռնութեան մը շուրջ. Սեւանայ լիճի ընդերքին` ջուրի տակ, կ՝ուզեն տեղադրել System of a Down խումբի տղաներուն կրաշաղախէ քանդակը: Այս գործը աւարտին հասցնելու համար, սակայն ժամանակ կը պահանջուի եւ դեռ կան որոշ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին:
«Իմ կարծիքով` մենք այս տարի այդ գործը պիտի իրականացնենք, անիկա ընթացքի մէջ է, ատիկա նաեւ զբօսաշրջիկներու հոսքը պիտի աւելցնէ, այդ խումբը սիրողները ողջ աշխարհէն կրնան գալ: Կը յիշէք, չէ՞, համերգին որքան մարդ հաւաքուած էր, ասիկա մեծ արձագանգ պիտի ունենայ»,- ըսած է ան:
Թոքմաճեանը նշած է, որ հետաքրքրական այլ մտքեր ալ ունի, գաղափարներ կան` օրինակ ձկնաբուծութեան համար նախատեսուած տեղ մը, որ հետաքրքրական պիտի ըլլայ արտաքնապէս: Կայ նաեւ գաղափար` կապուած Մամիկոնեանց տոհմին հետ: Այս տոհմի ամբողջական, հաւաքական կերպարը պիտի կերտուի եւ տեղադրուի Մամիկոնեանց փողոցին վրայ: 2018-ին քանդակագործը նաեւ քանի մը սիմփոզիում մասնակցելու հրաւէր ունի, Փետրուարին հրաւիրուած է Եգիպտոս, նաեւ շարք մը ծրագիրներ կան, որոնք դեռ ընթացքի մէջ են, Թոքմաճեանը կը սպասէ անոնց իրականացման եւ որոշակիացման: