2017-ին՝ Հայաստանէն արտահանումը առաջին անգամ գերազանցած է $2 միլիառը

Հայաստան նախորդ տարուան 11 ամիսներուն տնտեսական աննախադէպ ցուցանիշներ արձանագրած է: Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն, արտածման ծաւալները Հայաստանի անկախութեան ժամանակաշրջանին առաջին անգամ ըլլալով գերազանցած են 2 միլիառ տոլարը:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Տիգրան Խաչատրեան յայտնեց, որ նման ցուցանիշը սպասելի էր եւ արդիւնք էր կառավարութեան արտածման ուղղուած հետեւողական քաղաքականութեան:

«Ապրանքներու արտահանումը առաջին անգամ հատած է 2 միլիառ սահմանը: Նման ցուցանիշ, անշուշտ, սպասելի էր, քանի որ, հանդիսանալով տնտեսութեան շարժիչ ուժերէն մէկը, արտահանումը ողջ տարուան ընթացքին արձանագրած էր կայուն աճի միտում»,- ըսաւ փոխնախարարը:

Ըստ անոր՝ տնտեսական աշխուժութեան 7.3 տոկոս աճը ամէնէն բարձրն է վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին: