ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ ՄՈՒՍԱՅ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԷՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան դիմատետրի իր էջին միջոցաւ յայտնած է, որ  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ջանքերով՝ յաջողեցաւ յայտնաբերել մինչ օրս անյայտ շուրջ քսանհինգ նոր լուսանկար` Մուսայ Լերան հերոսամարտի մասնակիցները ֆրանսական ռազմանաւերուն միջոցով տարհանելու տեսարաններով:

Յայտնաբերուած բնօրինակ լուսանկարները առնուած են 1915 Սեպտեմբերին, ֆրանսական ռազմածովային նաւատորմի սպայի մը կողմէ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն նաւակներով խաղաղ հայ բնակչութիւնը դէպի ռազմանաւեր տեղափոխելու գործողութիւնները, նաւերու տախտակամածին անոնց տեղաւորումն ու այլ տեսարաններ:

Նորայայտ բնօրինակ այս լուսանկարները հանրութեան պիտի ներկայացուին 2018 Ապրիլին: