ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԻՆՆԵՐԸ

Զարմանալի ենք։ Միեւնոյն ժամանակ ծիծաղելի եւ ցաւալի…
Ցաւալի է «Համազգային» կոչուած միութեան այն համակիրը որու համար Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած ձեռնարկը քաջալերելը անհնար է, որովհետեւ «միւս կողմէն են»։
Ընկեր, «Համազգային» բառը գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ։ Ո՛չ, չե՛ս գիտեր։
Շատ շուտ մի դատէք։ Նաեւ ցաւալի է այն Հայը որ կը մերժէ Սուրբ Յակոբ սրահէն ներս մէկ ոտք կոխել, որովհետեւ «անոնք իրենցմէ զատ մէկուն չեն օգներ, ինչո՞ւ մենք իրենց պիտի քաջալերենք»։
Որքա՜ն պիտի փափաքէի որ դուք ալ Հայ ըլլայիք… որ ձեր գործունէութիւնը Հայ ազգին համար ըլլար, իսկական «Համազգային» ջանքեր… եւ ո՛չ թէ ձեր շրջանակին տպաւորելու համար՝ որոնք ձեր մտքերուն մէջ այդ ապուշ գաղափարը ցանած են որ «անոնք միւս կողմէն են»։
Ձեզմէ ոմանք Դաշնակցական են, ոմանք Հնչակ, ոմանք Ռամկավար… ոմանք Պոլսեցի, ոմանք Պէյրութցի, ոմանք նոյնիսկ Գանատացի կամ Ամերիկացի… այս վերջինները ամէնէն զարմանալիներն են… հո՛ս ծնած, մեծցած, եւ միակ ձեւը որ գիտեն Հայ ազգին ծառայելու «միւս կողմիններուն» վար զարնել է։
Այս 2015 տարուայ առիթով յիշենք մեր պապերը, մեր նախածնողները։
Յիշենք որ երբ Օսմանեան շուները կը հաւաքէին, կը ձերբակալէին եւ վայրի գազաններու պէս՝ հրացանի ձգանի մէկ քաշուածքով՝ կը մաքրէին Հայ ժողովուրդը, անոնք չէին հարցներ թէ ո՞վ Դաշնակ է, ո՞վ Հնչակ է, ո՞վ Ռամկավար։
Հոն, Դաշնակը, Հնչակը եւ Ռամկավարը իրար կը փաթթուէին, միասին կ՚աղօթէին, մինչ փամփուշտներն ու սուրերը իրենց մարմնի ներքին գործարանները կը պատռէին։
«Միւս կողմինները» եղեր…
Ո՞վ են արդեօք այս «միւս կողմինները»։
Գիտէ՞ք. միւս կողմինը ե՛ս եմ։
Ես ուր որ երթամ, կ՚ըսեն «միւս կողմէն է»։
Բայց ես ՀԱ՛Յ եմ։
Կ՚ուզէ՞ք Հայ ազգին օգտակար ըլլալ։ Գացէք «միւս կողմի» Հայերուն օգնեցէք։
Ձեզի «դաւաճան» ըսողին յիմարութեան յանձնուելու տեղ իրենց հասարակ գաղափարներուն վրայ խղճացէք… եւ յետոյ իրենց ալ սորվեցուցէք թէ ինչ կը նշանակէ ՀԱՅԱՍԷՐ ըլլալ։

ԱՐՏԷՆ ԱՐԱԲԵԱՆ