Արցախի մէջ 2017 թուականին զբօսաշրջային այցելութիւնները 2016-ի համեմատ աճած են 41 տոկոսով: Նոյն ցուցանիշը 2015-ի համեմատ աճած է մօտ 30 տոկոսով: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը:
«Մենք նաեւ ցուցանիշները կը համեմատենք 2015 թուականի հետ, որովհետեւ յայտնի է, որ 2016 թուականին զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ ունեցանք անկում: Երբ կը խօսինք զբօսաշրջութեան աճի մասին, միայն 2017-ի իրականացուած աշխատանքի արդիւնքով չէ: Այս արդիւնքը վերջին տարիներու բուռն քարոզարշաւի շնորհիւ է»,- ըսած է Արտակ Գրիգորեան:
Զբօսաշրջիկներու աշխարհագրութիւնը տարիէ տարի կ՛ընդլայնուի: Այցելութիւններու թիւով առաջինը Ռուսիոյ քաղաքացիներն են, այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի եւ այլն: Արցախի զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոններու միջոցով կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ հիմնական զբօսաշրջային վայրերը զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւններու շրջանակին մէջ են: Մասնաւորապէս, Ստեփանակերտը, Շուշին, Գանձասարը, Տիգրանակերտը այցելութիւններու քանակի աճ ունին:
«Կը նախատեսենք մասնակցիլ միջազգային ցուցահանդէսներու։ Այս տարի Ռուսիայէն կը սպասենք այցելութիւններու աճ, որովհետեւ այս շուկան թիրախ ընտրած ենք: Կ՛աշխատինք նաեւ եւրոպական ուղղութեամբ»,-նշած է Արտակ Գրիգորեան: