Գանատայի մէջ վարորդական քննութիւնը Հայերէն յանձնելու արտօնութիւն պիտի տրուի

2018-ի գարնան Գանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ պիտի արտօնեն վարորդական իրաւունքի ստացման համար անհրաժեշտ գրաւորը Հայերէն յանձնելու: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտարարած է Օնթարիոյի փոխադրամիջոցի նախարար Սթիվըն տել Տուգան` ելոյթ ունենալով Թորոնթոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ:

Այդպիսով, Օնթարիոյի մէջ, ներառեալ Գանատայի ամենամեծ քաղաքին` Թորոնթոյի մէջ, հաստատուած նորեկները աւելի դիւրութեամբ պիտի սորվին ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները, յայտնած է Ontario News-ը:

Ներգաղթեալները գրաւորները կրնան յանձնել եւս 20 լեզուով, բացի պաշտօնական անգլերէնէն եւ ֆրանսերէնէն:

16 տարի է, որ Օնթարիոյի ճանապարհները ամենաանվտանգներէն կը համարուին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: