Սթրազպուրկի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յունուար 24-ին, մասնակցած է Եւրոպայի խորհուրդին ՀՀ նախագահի անունով պաշտօնական յուշանուէրի` հայկական խաչքարի, նուիրաբերման հանդիսաւոր արարողութեան:
Խաչքարի ցուցապաստառը բացած են նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպէորն Եակլանտը: Հանրապետութեան նախագահը եւ Թորպէորն Եակլանտը արարողութեան առիթով հանդէս եկած են ելոյթներով: Արարողութեան աւարտին՝ Հանրապետութեան նախագահը Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին, ինչպէս նաեւ արարողութեան մասնակցող Դանիայի վարչապետ Լարս Ռասմուսէնին ցուցադրած է ԵԽ բակին մէջ` մուտքի յարակից հատուածին վրայ, տեղադրուած խաչքարը: