Արտակ Բեգլարեան. «Արցախի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներով քանի մը աննախադէպ ջրամբար կը կառուցուի»

Արցախի մէջ, օտարերկրեայ ներդրումներով, քանի մը աննախադէպ ջրամբար կը կառուցուի` ջրաելեկտրականութեան արագ զարգացման զուգահեռ: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին գրած է Արտակ Բեգլարեան:

Տարիներ առաջ Քաշաթաղի շրջանին մէջ մեկնարկած` 12 միլիոն խմ ծաւալով ջրամբարի կառուցումը պիտի աւարտի այս տարի, որուն վրայ կը գործարկուի նաեւ 5.95 մ Ուաթ դրուածքային հզօրութեամբ ջրաելեկտրակայան. Ի դէպ` ասիկա ջրամբարով ջրաելեկրակայանի կառուցման առաջին դէպքն է անկախ ՀՀ-ի եւ ԱՀ-ի պատմութեան մէջ: Ջրամբարը պիտի կիրառուի նաեւ ձկնաբուծութեան եւ ոռոգման նպատակներով: Ուշագրաւ է, որ սեփականատէրը օտարերկրեայ ներդրող է, որ նախագիծին վրայ ծախսած է քանի մը տասնեակ միլիոն տոլարի հասնող գումար:

Բացի այդ, օրեր առաջ, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարիներուն Սարսանգ-Մատաղիս հատուածին վրայ պիտի իրականացուի չորս նախագիծ, որոնց ծիրէն ներս ջրամբարներ պիտի կառուցուին` ջրաելեկտրականութեան, ոռոգման եւ ձկնաբուծութեան նպատակներով: Այդ նախագիծերուն արժէքը պիտի անցնի 100 միլիոն տոլարը, որուն զգալի մասը պիտի ներդրուի օտարերկրեայ ընկերութիւններու կողմէ:

2018-ին կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 6 փոքր ջրաելեկտրակայան` 28.5 մ Ուաթ ընդհանուր դրուածքային հզօրութեամբ եւ 161.7 միլիոն ք Ուաթ/ժ ելեկտրականութեան միջին տարեկան արտադրանքով:

Ներկայիս Արցախի մէջ կը գործէ 16 ջրաելեկտրակայան, որոնց արտադրութիւնը 2017-ին կազմած է 327,8 միլիոն ք Ուաթ/ժ ելեկտրականութիւն, իսկ ընդհանուր սպառման ծաւալները հանրապետութեան մէջ կազմած են 351,1 միլիոն ք Ուաթ/ժ: Կը ծրագրաւորուի քանի մը տարուան մէջ սեփական արտադրանքը հասցնել աւելի քան 800 միլիոն ք Ուաթ/ժ-ի, եւ ատիկա այն պարագային, երբ 10 տարի առաջ անիկա չէր գերազանցեր 90 միլիոն ք Ուաթ/ժ-ը: