Արցախի ամբողջ տարածքին կը շարունակուին շինարարական աշխատանքները

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ 2018 թուականին պիտի աւարտին Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի մանկապարտէզի, դպրոցի եւ կենցաղային տան շինարարական աշխատանքները: Հիմնադրամի միջոցներով պիտի սկսին նաեւ Արցախի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի վերակառուցման գործընթացին, որու նախագծային աշխատանքները ընթացքի մէջ են. Ատոնք ամբողջութեամբ կ՛աւարտին Մայիսին, որուն պիտի յաջորդեն շինարարական աշխատանքները:

«Արցախփրես»-ի փոխանցմամբ, այս մասին կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը: Բացի այդ,  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրով պիտի աւարտին  Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան, Իւանեան, Քռասնի, Մարտակերտի շրջանի Գետաւան, Հադրութի շրջանի Տումի եւ Թաղասեռ գիւղերու հանդիսութիւններու տուներու եւ համայնքային կեդրոններու կառուցման աշխատանքները, Ստեփանակերտի մէջ պիտի աւարտի թիւ 9 միջնակարգ դպրոցի ամբողջական վերակառուցումը եւ Ասկերանի շրջանի Ուղտասար գիւղի նորակառոյց դպրոցական շէնքի շինարարութիւնը:

Նախարարը նշած է, որ այս տարուան պետական ամավարկի միջոցներու հաշուին նախատեսուած ամբողջ ծախսերը կը կազմեն 14 միլիառ 200 միլիոն դրամ, որ պետական ամավարկի 14 %-ն է:

2018-ին պիտի շարունակին Ստեփանակերտ Ալէք Մանուկեան 120 հասցէին վրայ գտնուող հանրակացարանի վերակառուցման աշխատանքները:

Այս տարի  Ստեփանակերտի մէջ պիտի  սկսին նախկին «Օկտեաբր» կինոթատրոնի տարածքին մէջ նոր մարզամշակութային եւ ժամանցի կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն։  Նախագիծերը եւս կը գտնուին մշակման փուլի մէջ: Ծրագիրով կը նախատեսուի ունենալ ընդհանուր դահլիճ, որ պիտի ծառայէ ձեռնարկներու  համար, 100 տեղ ունեցող ժամանակակից կինոթատրոն, 4 ուղիով պոուլինգ եւ տարբեր տարածքներ` ցուցահանդէսներ կամ այլ ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: