Շաբաթ Փետրուար 10, 2018-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Բարեւ» կեդրոնի յատուկ յանձնախումբը (Valentine)-ի տօնին առթիւ կազմակերպած էր պարանցիկ երեկոյթ մը «Սիրոյ երեկոյթ» թեմայով, եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» շքեղօրէն զարդարուած սրահին մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին սրահը լեցուած էր 250-է աւելի ներկաներով, որոնք բուռն կարօտը ունէին անցեալի օրերը վերյիշելու:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով բարի գալստեան խօսքերով հանդէս եկաւ Սելլա Գալթաքճեան, եւ բարի զուարճութիւն մաղթեց ներկաներուն: Թեմիս փոխ առաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան շնորհաւորեց սոյն երեկոյթը իրականացնող յանձնախումբի անդամները, Ֆրանս Գանտահարեանի, Այտա Աֆարեանի, Սիլվա Մէրմէրի, Սեզա Նազարեանի, Թիլի Իշնարի, Սուզաննա Յարութիւնեանի, Սիպիլ Քիւրքճեանի, Անի Սարվարեանի ինչպէս նաեւ Լեւոն եւ Սելլա Գալթաքճեաններու որոնց նուիրեալ աշխատանքներուն արդիւնքն էր այս մտերմիկ եւ հաճելի երեկոյթը, ապա կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Սեղանները սարքուած էին ճաշակաւոր, համադամներով որուն կը յաջորդէր համեղ ճաշերու անթերի սպասարկութիւնը: Անհամբերութեամբ սպասուած հասած էր համբաւաւոր երկար տարիներու հանրածանօթ երգիչ՝ Մարթէն Եորկանցի, որ իր թաւշային ձայնին եւ զգայուն եղանակներու շնորհիւ պարահարթակը անբաւարար կը մնար պարողներուն:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, եւ բախտաւոր ներկաները շահեցան գեղեցիկ նուէրներ:
Ժամերը անզգալիօրէն կը սահէին ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, առաւօտեան փոքր ժամերուն ներկաները ակամայ բաժնուեցան սրահէն յայտնելով իրենց գնահատանքը եւ գոհունակութիւնը:
Վարձքը կատար բոլորին: