Չորեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018 Մոնթրէալի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-կուսակցական հանդիպում, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Մոնթրէալի Վարիչ Մարմնի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Էօժէն Բաբազեան ակումբի ներկայացուցիչներու միջեւ:
Մօտ երկու ժամ տեւող ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումի նպատակը հանդիսացաւ՝ երկուստեք համագործունէութեան միջոցաւ աւելի եւս ծաւալելու գաղութիս զանազան մարզերու գործունէութիւնը. եւ ամրապնդելու անոր դիմագիծը…: