ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան               « Գլաձոր » Մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքէն, 25 Փետրուար 2018 Կիրակի, յետմիջօրէին ժամը 2։00-ին Հայ Կեդրոնի « Յարութիւն Մանուկեան » գրադարանին մէջ, յիշատակուեցաւ Պոլսահայ արդի հայ գրականութեան տաղանդաւոր բանաստեղծներէն Զարեհ Խրախունին ( 1926 – 2015 )։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արտա Տէր Յակոբեան, ան յայտնեց թէ այսօր գրասէրներու խմբակի 6 րդ. Տարեդարձն է եւ 2018 տարեշրջանի առաջին հանդիպումը։ Համազգայինի գրասէրներու խմբակը քառասունէ աւելի հաւաքներ յաջողցուցած է իր հիմնադրութենէն ի վեր։ Այս գրական գործունէութիւնը գրեթէ յիսուն տարիներէ աւելի              կ՚ երկարի այս գաղութէն ներս, այսօր եւս կը շարունակուի կատարուիլ իր ժրաջան ներկայացուցիչ եւ առաջնորդ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի եւ գրական յանձնախումբի միասնական ջանքերով։ վեց տարիներ առաջ առաջին առթիւ այս խմբակը ներկայացուց Վահան Տէրեանը, որու յաջորդեցին հայ գրականութեան քաջածանօթ բազմաթիւ գրագէտ եւ բանաստեղծներ։ Արտան հակիրճ տողերով ներկայացուց օրուայ զեկուցաբեր Լանա Տէր Պետրոսեանի կենսագրականը, հրաւիրեց զինք որպէսզի ներկայացնէ Զարեհ Խրախունին։

Քաղաքիս արժանաւոր երիտասարդուհիներէն Լանա Տէր Պետրոսեան ծնած է Թորոնթօ, իր նախնական ուսումը ստացած է Սուրբ Խաչ Ազգային ամենօրեայ վարժարանին մէջ, այդ շրջանին մասնակցած է միջվարժարանային արտասանական մրցումին, արտասանելով Խրախունիի « Այս Ծառը Սուրբ » քերթուածը խլելով առաջնութեան մրցանակը։ Ան իր ուսումը շարունակած է Հայ Օգնութեան Միութեան Գոլոլեան վարժարանը։ Շրջանաւարտ եղած է Թորոնթոյի համալսարանի անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու ճիւղերէն։ Ապա ուսանած է Ամերիկա Միացեալ Նահանգներ Middlebury College եւ Փարիզի Սորպոն համալսարանէն մագիստրոսի վկայականը ստացած ու Փարիզի համալսարանին մէջ երեք տարի ուսուցչագործած է։ Բազմաթիւ կարողութիւններով օժտուած Լանան մաս կը կազմէ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի « Էրեբունի » պարախումբին։ Օր. Լանան Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ հետեւած է պարի դասերու եւ ան եղած է շատ լաւ սպանական ֆլամէնկօ պարող մը։

Լանա Տէր Պետրոսեանը փոքր տարիքէն սկսեալ մեծ սէր ու համակրանք ունեցած էր բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի գործերուն հանդէպ։  Ան բովանդակալից բացատրութիւններ տուաւ Խրախունիին կենսագրութեան ու գրական վաստակին մասին, յայտնեց թէ՝բանաստեղծ, գրաքննադատ, Թարգմանիչ, թատերագիր, երաժիշտ, հնաբան եւ դաստիարակ Խրախունին իր բուն անունով Արթօ Ճիւմպիւշեան է եւ Ճիւմպիւշ կը նշանէ խրախճանք։ Խրախունին Պոլսոյ Մխիթարեան լիսէէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, վկայուած է Իսթանպուլի համալսարանի փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ հոգեբանութեան մարզերէն մագիստրոսի աստիճանով։ Իսկ գրականութեան ու պատմութեան ուսումը կատարելագործած է Փարիզի Սորպոն համալսարանին մէջ։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Կեդրոնական եւ Էսայեան լիսէներուն մէջ։ Գրական, գեղարուեստական բաժիններ խմբագրած է « Մարմարա » օրաթերթին մէջ եւ թարգմանած ու հրատարակած է մանկապատենական գրականութիւն։

Լանա Տէր Պետրոսեան շարունակելով իր խօսքերը ըսաւ՝ « Արեւմտահայերէն լեզուն 20-րդ. Դարու սկիզբին Վարուժանի, Սիամանթոյի, Թէքէեանի սերունդով կերտուած զարթօնքի բիւրեղացած հոսանքը ընդհատուեցաւ պահ մը 1915 ի տխուր դէպքերու պատճառով։ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին դարձեալ Պոլսոյ մէջ վերագտաւ իր հունը գլխաւորութեամբ Խրախունիի, Զահրատի, Հատտէճեանի,  աւելի վերջ Սարըասլանի եւ ուրիշներու հոյլով։ Անոնք ունեցան քերթողութեան ազատ ոճ, առանց յանգի ու վանկի կաշկանդումներու, պահեցին երաժշտական ու կշռոյթի ինքնաբուխ նուրբ առանցք մը, ունեցան ճոխ բառամթերք, չափի եւ տողերու ճարտար ընտրութիւն։»

Օր. Լանան բացատրութիւններ տուաւ Խրախունիին գործածած մաքրամաքուր հայերէն ոճին մասին, բծախնդիր ու ճշգրիտ մանրամասնութիւններով։ Յայտնեց թէ Զարեհ Խրախունին հեղինակ է  26 հատորներու։ Իր գրութիւնները ունին հեզասահ ոճ, առատ բառամթերք ու պատկերներու եւ գիւտերու ճոխութիւն։ Բազմաթիւ գրական մրցանակներու դափնեկիր Զարեհ Խրախունին արժանացած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ Վազգէն Ա.ի կողմէ                « Ս.Սահակ-Ս. Մեսրոպ » շքանշանին ու սրբատառ կոնդակին, Համազգայինի « Անահիտ գրական » մրցանակին, Հ.Բ.Ը.Մ. ի « Ալեք Մանուկեան մշակութային » մրցանակին, Սփիւռքահայ գրողներու « Էլիզ Գաւուքճեան » մրցանակին, « Հայկաշէն Ուզունեանի » գրական մրցանակին, Հայաստանի « Մովսէս Խորենացի » պատուանշանին, « Թուրքիոյ հայոց Պատրիարքարան »ի շքանշանին եւ 2012 ին Հայաստանի պետական բարձրագոյն « Ս. Մեսրոպ-Մաշտոց » շքանշանին։

Օր. Լանան իր երկարամեայ փորձառութեամբ եւ իւրայատուկ բացառիկ ոճով Զարեհ Խրախունիէն զանազան քերթուածներ արտասանեց հիացում պատճառելով ներկայ գրասէր հասարակութեան։ Առաջին առթիւ կարդաց « Մաս » քերթուածը, ապա արտասանեց « Այս ծառը սուրբ » կտորը, ու յետոյ Խրախունիին « Պար » բանաստեղծութիւնը։ Հ.Օ.Մ. ի Գոլոլեան վարժարանի աշակերտներէն Նենսի Սապունճեան հանդէս եկաւ Խրախունիի «Տասնամեայ հանգրուան » կտորով։ Յաջորդաբար Օր. Լանան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Խրախունիին « Արի Արքայն » դիւցազնավէպի բովանդակութեան մասին եւ մի քանի էջեր կարդաց այդ հատորէն։  Յաջորդաբար « Սրտի խօսք  » գիրքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով արտասանեց  «  Խօսք սրտի » եւ « Բոյժ քոյրերուն » քերթուածները։

Ներկայ գրասէրներ Զարեհ Խրախունիի գրականութեան մասին շատ լաւ տպաւորուած իրենց գնահատանքը ջերմ ծափահարութիւններով յայտնեցին շնորհաւորելով Լանա Տէր Պետրոսեանը եւ այս որակաւոր ձեռնարկի կազմակերպիչները։

Գրասէրներու խմբակի անունով Արտա Տէր Յակոբեան, Լանա Տէր Պետրոսեանին նուիրեց Պետրոս Դուրեանի « Երկեր » գիրքը, իսկ Նենսի Սապունճեանին փոքրիկ գրքոյք մը։

Այնուհետեւ Գրասէրներու Խմբակի 6 րդ. տարեդարձին առիթով ձեռամբ անդամներու հատումը կատարուեցաւ տարեդարձի կարկանդակին։