Աւելի քան տարիէ մը ի վեր Երեւան կը գտնուի ֆրանսահայ ճանչցուած թատերական գործիչ (բեմադրիչ ու դերասան) Ժիրայր Բաբազեան: Անոր վաստակը մեծ է 40 տարիներու վրայ երկարած՝ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մէջ. Գահիրէէն մինչեւ Լոս Անճելըս ու Փարիզէն՝ Նիւ Եորք: Արուեստագէտ ընտանիքի մը մէկ մաքուր շառաւիղը՝ դեռ Մելգոնեանի ուսանողութեան օրերէն ցոյց տուած է իր տաղանդը մնալով հաւատարիմ հայ թատրոնի ակունքներուն:
Ժիրայր դասական մեր թատերական գործերուն ժամանակակից տարազ հագցնելով եւ լեզուական բարեփոխումներ կատարելով հասաւ որքան նոր հայ սերունդին, այնքա՛ն եւ աւելի՝ օտարախօս եւ ոչ հայ թատերասէր հասարակութեան:
Առանց վարանելու թատերական մեր պատմութեան մէջ անոր անունը արձանագրուած պիտի մնայ որպէս նորարար բեմադրիչ եւ նորագոյն ժամանակներու Աճէմեաններու աւանդը շարունակող յարգուած անուն մը:
Հարցում – Երեւան հաստատուած ես, հեռու քու սիրած փարիզեան արուեստի աշխարհէն: Դիւրին եղա՞ւ այդ որոշումը առնել: Ի’նչ առաքելութեամբ եկար Երեւան:
Պատասխան – Երեւանը մի՛շտ ալ մօտիկ եղած է իմ սրտիս: Թատերական մասնագիտութիւնս ստացած եմ Երեւանի մէջ. ինծի համար ծանօթ ու սիրելի անուններ եղած են դեռ վաղ երիտասարդութեանս օրերէն սկսեալ անմահանուն Փափազեանը, Աւետեանը, Աճէմեանը, Ֆրունզիկը, Սօսը եւ միւս մեծերը: Անոնց քալած ճամբով ալ որոշեցի ընթանալ … մանաւանդ որ անոնցմէ շատեր արտասահմանէն եկան Հայաստան զարկ տալու թատերական արուեստին:
Ահա՛ ես այս առաքելութեամբ ալ եկած եմ մայր հայրենիք բերելու իմ մասնագիտութիւնս եւ տեսնելու վերանորոգեալ թատերական մթնոլորտ մը հոն, համաշխարհային թատերական ճաշակ մը աւելցնելու այլապէս հարուստ մեր թատերական կեանքին:
Ուրախ եմ որ Նոյեմբեր 17ին Երեւանի Պետական Օփերան զիս նշանակեց խորհրդական այժմու գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէնին՝ Կոնստանդին Օրբելեանին: Պարտականութիւն ունիմ օփերայի մեներգիչներուն ուսուցանել թատերական խաղարկութիւն: Անշուշտ բացի երգեցողութենէն, որ հիմնական բաժինը կը կազմէ օփերայի մը յաջողութեան, խաղարկութիւնը, միւս կողմէ կ’ամբողջացնէ ներկայացուած օփերային ամբողջական յաջողութիւնը:
Ըսեմ նաեւ որ կ’աշխատիմ երիտասարդ տաղանդներու հետ եւ ունիմ առամձին ուսումնական յայտագիր մը անոնց համար: Երիտասարդական այս բաժանմունքին պատասխանատուն է Լեւոն Ջավատեան, որ յայտնի դաշնակահար եւ երգիչներու դասատու է նոյն ատեն:
Նոյնպէս թարգմանութիւններ կը կատարեմ եւ պատասխանատուն եմ օփերայի ներկայացման ատեն խօսքերուն լուսարձակման աշխատանքին, որպէսզի ունկնդիրներ կարենան աւելի մօտիկէն հետեւիլ երգեցողութեան բառերուն … այնպէս ինչպէս կատարեցինք Նիւ Եորքի մէջ երբ Թէքէեանը ներկայացուց Զէյթունցեանի «Ոտքի … Դատարանն է» ներկայացման առթիւ: Արդէն, առ այսօր, «Թոսքա»ն, «Գարմէն»ը, «Իլ Թրովաթոր»ը իրագործած ենք եւ արդէն հայերէնով կը լուսարձակուին եւ շուտով կ’աշխատինք «Այտա»ի եւ «Մանոն»ի վրայ: Միւս կողմէ՝ «Անուշ»ը, «Արշակ Բ.»ը վերածած ենք անգլերէն լեզուի եւ կ’աշխատինք «Դաւիթ Բէկ»ին վրայ: Այսպէս այդ աշխատանքին եւս լծուած եմ:
Հարցում – Լայնօրէն արձագանգուեցաւ «Կարինէ Քոքթէյլ»ի մասին: Կրնա՞ք ներկայացնել զայն:
Պատասխան – Յունիս 25, 2017ին բեմադրեցի Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ»ի Ա. Արարը որպէս նախուտեստ (ափերեթիֆ), իսկ երեկոյի առաջին բաժինին մէջ՝ զանազան միջազգային նշանաւոր օփերաներէն ծաղկաքաղ մըն է ինչպէս՝ «Րիկոլեթթօ», «Գոզի ֆան թութի», «Լա պոհեմ»: Ըսեմ որ 2018ի գարնան առաջին անգամ ըլլալով ամբողջութեամբ պիտի բեմադրեմ այս օփերան Երեւանի վրայ:
Ինչպէս ըսիք, սիրելի Յակոբ,«Կարինէ Քոքթէյլ»ի ներկայացումը իր նորարարութեամբ ու բեմադրութեամբ ամբողջական յաջողութիւն մը եղաւ: Երկար ատենէ պետական օփերայի բեմահարթակին վրայ նման յանդուգն գործ չէր ներկայացուած: Երգիչներէն մասնակցեցան՝ թենորներ Յովհաննէս Այվազեան ու Լիպարիտ Աւետիսեան եւ սոփրանօ Իրինա Զաքեան, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ ու տաղանդաւոր նոր ոյժեր, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ բեմ կը բարձրանային: Մասնաւորեմ ըսելով որ Մոցարթի «Cosi Fan Tutte» ուշագրաւ յաջողութիւն արձանագրեց:
Կարինէէն Ա. Արարի ներկայացումը նախաշակ մը կը հրամցնէր – շուտով բեմ գալիք ամբողջական ներկայացման: Ըսեմ որ Չուխաճեան այդ գործը գրած է Պոլսոյ մէջ 1875ին: Ամբողջութեամբ ժամանակակից հագուստներով (պատռուած ճինզի տափատներով ու թի շըրթներով) անոնք բեմ ելան:
Երիտասարդ երգիչներու համար այս ներկայացումը իրապէս եղաւ դպրոց մը, որ տարբեր էր Հայաստանի աւանդական ու դասական դպրոցէն: Կարծեմ նոր շունչ մը բերած եղայ մեր այդ սքանչելի պալատէն ներս: Վստահ եմ որ գալիք տարիներուն համար նոր զարթօնք մը կը սպասենք բերել օփերային մեր աշխարհէն ներս:
Կրնամ ըսել որ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարը Արմէն Ամիրեան որ ներկայ էր այս բացման հանդիսութեան մեծապէս տպաւորուած էր, ինչպէս՝ հանդիսատեսները:
Հարցում – Վերադառնալով միւս ձեռքբերումներուդ. Սեպտեմբեր 2016ին Համազգայինի Սօս Սարգսեան պետական թատերասրահին մէջ բեմ հանեցիք, Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ֆրանսացի թատերագիր Սաշա Կիթրիի հայերէն թարգմանուած «Արի երազենք» թատերախաղը: Կրա՞ք կարգ մը մանրամասնութիւններ տալ:
Պատասխան – Սիրով: Ինչպէս ըսիք առաջին անգամ ըլլալլով ֆրանսացի թատերագիրին գործը Երեւանի մէջ բեմ կը բարձրանար Faisons un reveը: Լեցուն սրահ մը մեզ պիտի դիմաւորէր բեմահարթակին վրայ. եւ այս կը զուգադիպէր Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան 25րդ տարեդարձին: Թատերական նոր շրջանին բացումն էր որ կը կատարէինք: Հրաւիրուած էի Մշակոյթի նախարար Մկրտչեանին կողմէ զարկ տալու թատերական արուեստին հայրենիքէն ներս:
Վերջնական գալէս առաջ ժամանակ տրամադրեցի ծանօթանալու թատերախումբի անդամներուն ու անոնց ունեցած տաղանդին՝ կարենալ ընտրելու նոր բեմադրելիք թատերախաղին դերասանները: Այսպիսով ընտրեցի Նարինէ Գրիգորեանը, Մխիթար Աւետիսեանը, Արման Նաւասարդեանը եւ Նարեկ Պաղտասարեանը: Այնուհետեւ, Օգոստոսին եկայ Երեւան եւ սկսայ փորձերու, ինչպէս նաեւ՝ բեմայարդարման աշխատանքներուն, որոնք կատարուեցան Վիքթորիա Րիետօ-Յովհաննիսեանի հսկողութեան տակ:
Վերջապէս խումբը պատրաստ Սեպտեմբեր 26ին կու տայ իր անդրանիկ ներկայացումը: Լրագրող Լիլիթ Մովսիսեանի իսկ արձանագրութեամբ. «Այս ներկայացումը արձանագրուեցաւ որպէս լաւագոյն բեմադրութիւնը թատերախումի խաղացանկին մէջ»: Ներկայացումէն առաջ խօսք առաւ մշակոյթի նախարարը եւ ըսաւ. «Մեր ակնկալութիւնները ամբողջութեամբ գոհացուպմ ստացան. Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր ամուր նախաձեռնութիւն մը, անկասկած»:
Յաջորդական երեք օրերու ընթացքին շարունակուեցաւ ներկայացուիլ այս թատերախաղը, որ տակաւին կը շարունակուի ներկայացումները մինչեւ այսօր:
Հարցում –Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն … նորէ՞ն» կատակերգութիւնը նորէ՞ն բեմ բարձրացուցիր:
Պատասխան – Այո, նորէ՛ն: Այս թատերախաղը չի հիննար. Բոլոր ժամանակներուն համար բեմ կրնայ բարձրանալ: Հոկտեմբեր 14, 2017ին բեմադրեցի Երեւանի Հենրիկ Մալեանի անուան թատերասրահին մէջ, Երեւանի հիմնադրութեան 2799ամեակին առթիւ: Թատերախաղը՝ «Արեւելեան ատամնաբոյժն» գրուած է անմահանուն երգիծագիրին կողմէ: Ուշագրաւ յաջողութիւններ արձանագրած է Ֆրանսայի մէջ, ֆրանսերէն լեզուով: Բոլորովին նոր մեկնաբանութեամբ ու խաղաոճով, այս անգամ երիտասարդ ոյժերով լրացուած:
Թատերասրահի գեղարուեստական պատասխանատու՝ Նարինէ Մալեանի հրաւէրին ընդառաջելով ընդունեցի բեմ հանել այնքա՜ն սիրած թատերախաղս, պահելով Պարոնեանական արեւմտահայ մեր աղուոր լեզուն: Ըսեմ որ Պարոնեանի աւանդական բեմադրութեան մէջ նոր երեւոյթ մը բերած էր 1974ին, Պէյրութի մէջ, Վարուժան Խտըշեան եւ այս նոր բեմադրութիւնը ձօնեցի իր յիշատակին, որ վերջերս աւանդած էր իր հոգին Լիբանանի մէջ: Թատերական յաջողութեան զուգահեռ դերասանները օգտագործեցին կատարեալ արեւմտահայերէն մը որ աննխաընթաց է Հայաստանի բեմերուն վրայ:
Խաղարկութեան մաս կազմեցին Սամուէլ Թոփալեան (Թափարնիկոսի դերով), Գէորգի Յովակիմեան՝ (ատամնաբոյժի դերով): Բեմ բարձրացան նաեւ՝ Մալեան թատերախումբէն Վահագն Գասպարեան, Աստղիկ Ապաճեան եւ Լեւոն Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Ալլա Սահակեան, Աննա Զաքարեան, Վալենտինա Ջուլհակեան եւ Պօղոս Գիւմիւրճեան:
(Եւ այսպէս, Ժիրայրը արդէն նոր ծրագիրներ կը շարունակէ մշակել մօտիկ ապագային համար. թատեարական երեք հազարամեայ իրեն փոխանձուած ջահը այս անգամ փոխանցելու մեր նոր սերունդին):
Նիւ Ճըրզի-Տիթրոյթ
«Պայքար» Շաբաթաթերթ