Մատենադարանի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեանը

«Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ» հիմնադրամի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեանը:

Ըստ «Արմենփրես»-ի` Մարտ 6-ին «Մատենադարան» հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ հիմնադրամի գիտական մասնաշէնքին մէջ կայացած հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին վերջին շրջանին Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան տնօրէն ընտրուեցաւ միաձայն` 19 կողմ ձայնով:

«Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը յայտարարած էր բաց մրցոյթ տնօրէնի թափուր պաշտօնը զբաղեցնելու համար: Մրցոյթին դիմումներն ու փաստաթուղթերը անհրաժեշտ էր ներկայացնել մինչեւ 2018 թուականի Փետրուար 23-ը: Պաշտօնը զբաղեցնելու համար դիմած էր միայն Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը: