Արցախի մէջ արտադրուող Քաթարօ գինին առաջին անգամ ներկայացուած է Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ բացուած «Foodex Japan 2018» 43-րդ միջազգային ցուցահանդէսին, որ ողջ Ասիոյ տարածաշրջանին մէջ կը համարուի խոշորագոյններէն մէկը:
Ըստ artsakhpress.am-ի՝ արցախեան արտադրանքի ներկայացումը հնարաւոր դարձած է Հայաստանի ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնի եւ Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան համագործակցութեան շնորհիւ:
Հայաստանէն ցուցահանդէսին ներկայացած է չիրերու, գինիներու, մեղրի եւ հիւթերու արտադրութեամբ զբաղող ութ ընկերութիւն:
Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ի գործադիր տնօրէն Լեւոն Մնացականեան ցուցահանդէսին առիթով ըսած է, որ ասիկա Ճափոնի շուկային մէջ հայկական արտադրանքը ներկայացնելու հիանալի այլ առիթ մըն է, եւ Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ը ուրախ է ըլլալու այդ նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն մէկը: «Մեր կեդրոնի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը հայաստանեան արտադրողներու եւ գործարարներու առաջ մղումն է միջազգային շուկաներու մէջ: Այդ առումով մենք այստեղ ներկայացուցած ենք այն արտադրատեսակները, որոնց հանդէպ Ճափոնի սպառողները պիտի ունենան հետաքրքրութիւն»,- նշած է Լ. Մնացականեան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացման առաջին իսկ օրը Հայաստանի տաղաւարին շուրջ աշխուժութիւնը եղած է շատ բարձր: Թոքիոյի ճաշարաններէն մէկուն սեփականատէր Ուչիա Գոճին ըսած է, որ իր յաճախորդներուն խորհուրդ պիտի տայ օգտագործելու հայկական գինիները յատկապէս ֆրանսական սնունդի հետ: «Այս գինիները շատ յագեցած համ եւ բոյր ունին, կը զգացուի միրգի ուժը»,- շեշտած է ճափոնցի մասնագէտը: Այլ ճափոնցի ճաշարանատէր` Գէյսուգէ Նականոն ըսած է, որ հայկական գինին համադրելի պիտի ըլլայ յատկապէս ձուկի եւ միսի հետ: «Այստեղ ներկայացուած գինիները հիանալի պիտի ըլլայ ճաշակել սուշիի հետ: Ես հաստատ խորհուրդ պիտի տամ իմ յաճախորդներուն ճաշակելու հայկական գինին: Համոզուած եմ, որ անիկա հաճելի պիտի ըլլայ ճափոնցիներու քիմքին»,- մանրամասնած է գործարարը:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Մարտ 9` Թոքիոյի «Մագուհարի» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ: