Հայաստան Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով փոխադրութեան տարանցիկ միջանցքի ստեղծման շուրջ կը բանակցի 4 պետութեան հետ

Հայաստան ներկայիս կը բանակցի Վրաստանի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Իրանի հետ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային երթեւեկութեան եւ տարանցիկ միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ:

Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած է ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Սամուէլ Ամիրխանեան:

Անոր խօսքով` տարածաշրջանին մէջ առեւտուրի եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը ու ամրապնդումը այս ծրագրի անկիւնաքարերէն են: Անիկա միտուած է բեռներու միջազգային փոխադրման եւ տարանցման դիւրացման, ատոնց կառավարող ընթացակարգերու պարզեցման, փոխադրութեան ծախսերու նուազեցման, ճանապարհային անվտանգութեան պայմաններու բարելաւման եւ այլ երկիրներէ բեռներու տարանցման ներգրաւման: «Ծրագիրը պիտի նպաստէ ՀՀ փոխադրողներու համար ցամաքային եւ ծովային փոխադրումները օգտագործելու միջոցով դէպի միջազգային շուկաներ պարզեցուած ընթացակարգով մուտք գործելուն: Ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ արագացնել եւ դիւրացնել արագ փճացող բեռներու տարանցումը համապատասխան համաձայնագրի պայմանաւորող կողմ հանդիսացող պետութիւններու սահմանները հատելու ատեն», -աւելցուցած է Ամիրխանեան:

Նախարարութեան ներկայացուցիչին խօսքով` ծրագիրով կը նախատեսուին բացառապէս օրէնսդրութեամբ սահմանուած տուրքեր եւ վճարներ:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 17-ին Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովի ընթացքին ելոյթի ժամանակ նշեց, որ Հայաստան Սեւ ծովի եւ Պարսից ծոցի միջեւ տարանցիկ միջանցք ձեւաւորելու հարցով բանակցութիւններ կը վարէ բոլոր շահագրգիռ երկիրներու հետ: Այս ծրագրի մասին Հայաստանի մէջ յայտարարեց նաեւ Պուլկարիոյ նախագահը: