Ջիւան Աւետիսեան նոր ֆիլմ կը նկարահանէ

Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այժմ կ՛աշխատի նոր ֆիլմի ստեղծման վրայ: «Դրախտի դարպասը» նոր ֆիլմի առանցքը Արցախն է․ ֆիլմ, որ պիտի խօսի արուեստի լեզուով մարդկային ճակատագիրներու, բարիի եւ չարի յաւերժական բախումի, ճշմարտութեան վերարժեւորման ու խղճի մասին:

2 տասնեակէ աւելի փաստագրական եւ կարճամետրաժ ֆիլմերէ ետք Ջիւան Աւետիսեանի հեղինակած «Թեւանիկ» եւ «Վերջին Բնակիչը» խաղարկային ֆիլմերը հասած են մեծ յաջողութիւններու` միջազգային շարժանկարի փառատօններու եւ կինօ շուկաներու Վենետիկի, Քաննի, Շանհայի, Թորոնթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:

«Դրախտի դարպասը» ֆիլմով եւս յաջողութիւններու հասնելու նպատակով եւ միջազգային որակին համապատասխան, գեղարուեստական ուժեղ շրջադարձերով եւ խօսուն ենթատեքստով, տեսարժան ֆիլմ ստանալու համար ան կը դիմէ լայն տարածուած ձեւի` crowdfunding-ի` ֆիլմի նկարահանումներու համար պահանջուող գումարը ամբողջացնելու նպատակով»,- կ՛ըսուի Աւետիսեանի անձնակազմի հաղորդագրութեան մէջ: