Մարտ 28-ին, ժամը 20:00-ին, «Ուսումնասիրելով ցեղասպանութեան թեմայով վաւերագրականները» խորագիրը կրող յատուկ նախագիծին ծիրէն ներս՝ «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկին տակ պիտի ցուցադրուի «Հայոց Ցեղասպանութեան 1919-1923 թուականները. քեմալական կոտորածներ» (2015) շարժանկարը:
Թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` պնդելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առնչութիւն չունի ցեղասպանութեան հետ:
Վաւերագրերու վրայ հիմնուած «Քեմալական կոտորածներ» ֆիլմը ամբողջութեամբ կը հերքէ այս պնդումը:
Շարունակելով երիտթուրքերու ծրագիրը` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կառավարութիւնը բնաջնջեց եւ տեղահանեց արեւմտահայերը իրենց դարաւոր հայրենիքէն:
Քեմալականները, դարերու ընթացքին, հայերու ստեղծած ունեցուածքի հաշուին լեցուցին պետական դատարկ գանձանակը, վճարեցին արտաքին պարտքերուն զգալի մասը եւ 1923-ի Հոկտեմբեր 29-ին հռչակեցին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:
Ժամանակակից Թուրքիան կառուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնութեամբ իւրացուած նիւթական, քաղաքական, ռազմական արժէքներու հիմքին վրայ:
Ֆիլմը պիտի ներկայացուի անգլերէն:
Մուտքը ազատ է:
www.naregatsi.org