Արմէն Մերճանեան աշակերտած է Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանին մէջ ու տասը տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի գլխաւոր քաղաք Հիւսթըն: Ըստ տեղւոյն “Հիւսթըն Քրոնիքըլ” թերթին ան կատարելագործած է օրէնսգիտութեան եւ արդարադատութեան ասպարէզներու գիտութիւնը: Երիտասարդ փաստաբանը որպէս իտէալիստ իրաւագէտ վաստկած է իր պաշտօնակիցներու բարձր համարումը եւ առաջադրած է հիմնական բարեփոխութիւններ ներմուծել արդարադատութեան գործընթացներու մէջ:
Armen “Hammer” Merjanian կը նկատուի զօրաւոր թեկնածու մը Հիւսթընի մէջ շուտով կայանալիք դատաւորներու ընտրութեան: