Հայ մեծագոյն աստղեր, որոնց միաւորած էր բեմն ու հայկական ու ֆրանքոֆոն մշակոյթները զիրար կամրջելու ցանկութիւնը:
Մարտ 13-ին, Ժնեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին (Palais des Nations) մէջ կայացած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային օրուան նուիրուած համերգը, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:
Այս համերգը ի պատիւ Հայաստանի էր, ուր այս տարի առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովը` հիւրընկալելով տասնեակ երկիրներու ղեկավարներ ու կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ:
Մօտ 2000 հիւրերու առջեւ ելոյթներ ունեցած են, Անտրէ Մանուկեանը, Տիգրան Համասեանը եւ վերջաւորութեան բոլորին իր կատարումով հիացուցած է Շառլ Ազնաւուրը: