Քառասնօրեայ պահքի շրջանի կիսուն, Մոնթրէալի գաղութի կազմակերպութիւնները «տիկինները դարձեալ աշխատանքի լծուած են»: Թէքէեան Մշակ. Միութեան տիկնանց յանձնախումբը եւս, տարիներու իր աւանդութեան համաձայն Ուրբաթ 8 Մարտի երեկոյեան սարքեց միջինքի իր սիրոյ սեղանը:
«Տօքթ. Յ. եւ Ս. Արզումանեան» սրահը եւ յարակից բաժինը ամբողջութեամբ լեցուած էր գեղեցկօրէն յարդարուած սեղաններու շուրջ բոլորուած հիւրերով:
Նշանակեալ ժամուն, Թ.Մ.Միութեան նուիրեալ ատենապետը Պրն. Պերճ Գոգորեան, բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ իր ամբողջական գնահատանքը յայտնեց բոլոր ժրաջան տիկիններուն, որոնք սիրայօժար կերպով պատրաստած էին ճաշերը, գլխաւորութեամբ Տիկին Անիի Թորիկեանի:
Երկար սեղանը կը յորդէր մէկը միւսը գերազանցող համեղ Պահքի ճաշերով: Հերթի շարուած հիւրերը, կանոնաւոր սպասարկութեամբ գոհացում ստացան, իրենց համար պատրաստուած ախորժաբեր ճաշերը ընդունելով:
Զուարթ խօսակցութիւններու շուրջ, անխտիր բոլոր ներկաները յայտնաբերեցին իրենց գոհունակութիւնը: Ապա հիւրասիրուեցան սուրճով, պտուղով, անուշեղէններով նաեւ «Մամունիայով»:
Հայկական մեղմ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ներկաները ըմբոշխնեցին համեղ ճաշերու առընթեր, հաճելի մթնոլորտը: Ներկաներու գնահատանքին կ’ընկերանար, նոյն սեղաններու շուրջ, կրկին հանդիպելու մաղթանքը:
Թ.Մ. Միութեան առաքելութեան հաւաստացող տիկինները, սիրով ընդառաջեցին իրենց եղած դիմումին եւ հաւատքով իրենց սէրը միախառնեցին, իրենց պատրաստած 15 է աւելի ճաշատեսակներուն:
Դալար մնան բոլորի ձեռքերը:
Կազմակերպչական փորձառու կարողութեամբ Տիկին Անի Թորիկեան գլխաւորեց այս ձեռնարկը որ արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն:
Ձեր վարձքը կատար:
Վ. Պալեան