«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ օրերս Քաշաթաղի շրջանի Վան համայնքի հողատարածքին վրայ տնկուած է 2370 արքայանարինջի ծառ:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի օգնական Մետինա Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ այգին հիմնուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ամերիկահայ Վիքթոր Զարուգեանի հովանաւորութեամբ:
Անոր խօսքով` ծրագրի հիմնական նպատակն է Արցախի մէջ այգեգործութեան զարգացումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումը շրջաններու մէջ:
«Հիմնադրամը վարձակալած է Վան համայնքի հողատարածքը: Ծառերը տնկած են գիւղի բնակիչները, որոնք վարձատրուած են իրենց կատարած աշխատանքին դիմաց: Հիմնուած բոլոր այգիներուն մէջ կ՛աշխատին տուեալ գիւղերու բնակիչները»,- նշած է Յովհաննիսեան` շեշտելով, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, քանի որ ասիկա «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի կողմէ Արցախի մէջ հիմնած 3-րդ այգին է:
Անոր խօսքով` հիմնադրամը հիմնած է 5 հա նուռի այգի Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ , 7 հա` այգի Քաշաթաղի շրջանի Երիցվանք համայնքին մէջ: Իրացուած բերքէն ստացուած շահոյթը պիտի ուղղուի յետագայ բարեգործական ծրագիրներու իրականացման: