ՀՀ նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ Սիլիքոն Հովիտի հայ գործարարներու հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան, Սիլիքոն հովիտի մէջ, հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 100 գործարարներու եւ մասնագէտներու հետ:

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի զարգացման միտումներն ու մարտահրաւէրները:

Արմէն Սարգսեան, ներկայացնելով տեղեկատուական այս ոլորտին մէջ Հայաստանի մեծ յաջողութիւնները, նշեց. «Ոլորտը շատ արագ կը զարգանայ ու կը փոփոխուի, հետեւաբար մենք պէտք է ձգտինք կատարելագործման ու աւելի մրցունակ դառնանք»: Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի հսկայական ներուժ, որուն ճիշդ ուղղորդումը կը նպաստէ երկրի տնտեսական զարգացման, միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման ու ներդրումներու ներգրաւման:

Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն մասին եւ ներկայացուց երկրի ապագայի իր տեսլականը:

Նորընտիր նախագահը այցելեց նաեւ «Սինոփսիս» ընկերութեան կեդրոնը եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան ու արձանագրած յաջողութիւններուն: