Արցախի մէջ ասեղնագործութեան դասընթացներ պիտի կազմակերպուին

Այս տարի, Արցախի մէջ առաջին անգամ, պիտի կազմակերպուին ասեղնագործութեան դասընթացներ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արուեստներու բաժինի վարիչ Երազիկ Դանիէլեան՝ նշելով, որ դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ կարող բոլոր ցանկացողները՝ առանց տարիքային սահմափակման:

«Դասընթացներու թեման պիտի ըլլայ արցախեան ասեղնագործութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութենէն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ, քննարկումները ընթացքի մէջ են: Ասեղնագործութեան դասընթացներուն առաջին օրը՝ մասնագէտները հանդէս պիտի գան դասախօսութեամբ, որուն պիտի յաջորդեն գործնական աշխատանքները»,- նշած է Ե. Դանիէլեան: