Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի հայ ակումբի եւ համագործակցութեամբ՝ «Բարեւ» կեդրոնի, Թէքէեան Մշակ. Միութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան եւ Նոր Սերունդ Մշակ. Միութեան, Կիրակի Մարտ 11, 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին. Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ, ներկայ էին, երեք հարիւրի մօտ հայրենասէր հոծ բազմութիւն, նշուեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակը եւ Արցախի անկախութեան տարեդարձը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Վարուժ Ստեփանեան, յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց օրուայ հանդիսավար, գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն եւ Թորոնթոյի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի երկարամեայ անխոնջ ատենապետ պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեանը:
Պրն. Մկրտիչեան, իր հաղորդական ոճով ելոյթ ունեցաւ տեսերիզներով տպաւորեց ներկայ հասարակութիւնը վեր առնելով Ղարաբաղի մեծ նշանակութիւնը Հայաստանի այսօրուայ իրականութեան մէջ եւ անոր արդէն իսկ ապահոված հսկայական յառաջդիմութիւնները: Ապա ներկայացուց օրուայ բանախօսը, տալով կենսագրական գիծերը եւ հրաւիրեց Տիկ. Սեդա Գրպանեան-Մելքոնեան տալու իր սրտի խօսքը: Ներկաներու համար ապրումներու առիթ մըն էր լսել Ղարաբաղեան ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի այրիին կողմէ, Մոնթէի հարազատ զգացումներուն, մտածումներուն եւ ապրումներուն մասին, Մոնթէն այն բարձրոգի եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն մարտիկն էր որ ապահովեց կրկնակի յաղթանակներ եւ աւանդեց իր հոգին այն գոհունակութեամբ, որ իր բաժինը կը բերէր Ղարաբաղը վերադարձնելու իր արդար տիրոջ: Տիկ. Սեդա Մելքոնեանի ելոյթը արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութիւններու իր ելոյթին աւարտին Տիկ. Սեդան սիրով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: Պրն. Վահէ Ասատուրեան Տիկ. Սեդա Գրպանեան-Մելքոնեանին յանձնեց յուշանուէր մը:
Անմոռանալի այս հանդիսութիւնը վերջ գտաւ, Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի փակման խօսքով եւ պահպանիչով, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ առիթ ընծայուեցաւ մօտէն ծանօթանալու հիւր բանախօսին հետ: