Երեւանն ու Լիոնը կապուեցան ուղիղ չուերթով: «Արմէնիա» օդանաւային ընկերութեան կողմէն իրականացուող առաջին կանոնաւոր թռիչքը կայացաւ Ապրիլ 19-ին:
«Արմէնպրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեանը: «Երեւան-Լիոն ուղղութեան կը սպասարկէ միայն «Արմէնիա» ընկերութիւնը»,- ըսած է Սաթենիկ Յովհաննիսեանը՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային այլ ընկերութիւններու կողմէն եւս նոր ուղղութիւններ կը սպասուին։
Երեւան-Լիոն կանոնաւոր չուերթներ կ’իրականացուին շաբաթական երկու անգամ՝ ամէն Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն: