Լոյս տեսած է Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» գիրքը

Հրայր Ճեպեճեան իր նոր գիրքին մասին կը գրէ․

Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ նոր գիրքս՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս որ Տեսայ», լոյս տեսաւ Ապրիլ 2018-ին: Յոյսով եմ, որ շատերու համար հետաքրքրական հրատարակութիւն մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ աշխարհի ամենամեծ սփիւռքի համայնքներէն մէկուն մասին՝ ազգային շունչով գրուած, յօդուածներու շարք մը կը ներկայացնէ:

Գիրքը կը նկարագրէ հայ անհատներու, ընտանիքներու, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններու ամէնօրեայ կեանքը, անոնց պայքարը հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման համար՝ Ատիս Ապապայի, Հալէպի, Թալինի, Նիւ Եորքի, Սանթիակոյի կամ Չիլիի մէջ։

Ըստ գիրքի խմբագիրին՝ «Դոկտ. Ճէպէճեանի ՝ 2011-էն 2017-ի միջեւ գրած յօդուածները, լաւագոյն վկան են անոր առողջ տեսլականին, բացառիկ եռանդին, խիզախ վերլուծումներուն, հասուն մտածելակերպին եւ հաստատ հաւատքին անցեալ եօթ տարիներուն ընթացքին՝ միշտ առաջնային դասելով ինքնութեան պահպանման հայուն փշոտ բայց անսակարկելի ճանապարհը, գոյապայքարը»:

Աւելի քան 100 լուսանկարներով, 550-էջ բովանդակութեամբ այս գիրքը վկայութիւն մըն է ազգի մը վերապրելու, գոյատեւելու կամքին ՝ հայ ժողովուրդին, որ 2018 թուականին կը տօնէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100- ամեակը եւ 20-րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը:

 

Ստանալու համար դիմել հեղինակին՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան– hrayrj@mtnmail.com.cy