«HAYQ—Armenian Application»՝ առաջին հայկական եռալեզու ուղեցոյց յաւելուածի շնորհահանդէսը Մոսկուայի մէջ

«Դէպի Արարատ» կազմակերպութեան Մոսկուայի մամլոյ սրահին մէջ, Մայիս 12-ին, տեղի ունեցաւ «HAYQ Armenian Application»՝ առաջին հայկական եռալեզու ուղեցոյց յաւելուածին շնորհահանդէսը:

Շնորհանդէսին ընթացքին կնքուեցաւ եռակողմ համագործակցութեան համաձայնագիր «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն», «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութիւններու եւ «HAYQ—Armenian Application»ի հետ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ներսէս Ներսիսեան, «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութեան լիազօր ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեան եւ «HAYQ—Armenian Application»ի հիմնադիր Կարէն Մանուկեան:

Նշենք, որ «ՀԱՅՔ»-ը առաջին հայկական ուղեցոյց-յաւելուածն է, որ իր կը ներառէ Հայաստանի վերաբերող ծառայութիւններու եւ տեղակատւութեան լայն հիմք: Անիկա նպատակ ունի աշխարհի զանազան վայրեր գտնուող հայերուն եւ օտար զբօսաշրջիկներուն ներկայացնել Հայաստանը՝ իր պատմութեամբ, աւանդութիւններով եւ երանգներով: