Մայիս 26-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Թիֆլիսի մէջ գումարուած «Գործակցութիւն բարգաւաճումի համար – ռազմավարական ծրագրաւորում յաջորդ հարիւրամեակին համար» կլոր սեղանին, որ կազմակերպուած էր Վրաստանի Հարիւրամեակի հանդիսութիւններու առընթեր:
Հայաստանի նախագահը իր խօսքերուն մէջ ըսաւ, «Բարգաւաճման ի նպաստ գործակցութիւնը պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ վէճերու խաղաղութեամբ կարգաւորումի ճիգերուն, եւ ամբողջական ընկերակցութեան հասկացողութիւնը պէտք է հանդիսանայ մղիչ ուժը Հարաւային Կովկասի երկիրներու տեսլականին:»
Հայաստանի Նախագահը ըսաւ, որ յաջորդ հարիւրամեակը պէտք է ըլլայ ժամանակաշրջան մը ուր հարցերը ձգուին անցեալի մէջ, եւ վերանան բաժանումները՝ Հարաւային Կովկասի փոխադարձ շահերուն ի նպաստ: Նախագահը վստահութիւն յայտնեց թէ միացեալ ճիգերով կարելի է յաղթահարել ոչ միայն տնտեսական դժուարութիւններ, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքական անհամաձայնութիւններ, որոնք կը խոչընդոտեն գործակցութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանան փոխադարձ հանդուրժողականութեան, շահերու եւ բարեկամութեան:
Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին Տիկին Նունէ Սարգսեան Թիֆլիս ժամանեցին Մայիս 25-ին հրաւէրովը Վրաստանի Նախագահ Կիորկի Մարկվէլաշուիլիի: Արմէն Սարգսեանի առաջին արտաքին այցելութիւնն էր նախագահի իր հանգամանքով: Հայաստանի Նախագահն ու Առաջին Տիկինը հրաւիրուած էին մասնակցելու Վրաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններուն:
Այցելութեան առաջին օրը Նախագահ Սարգսեան առանձին հանդիպում մը ունեցած էր Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Գվիրիքաշուիլիի հետ, ու ապա ընդլայնուած հանդիպում մը կայացած էր ներկայացուցիչներու հետ, որու ընթացքին Նախագահ Սարգսեան յայտնեց թէ Մայիս 28-ին Հայաստանը եւս կը նշէ իր Առաջին Հանրապետութեան Հարիւրամեակը:
Սարգսեան եւ Գվիրիքաշուիլի գոհունակութեամբ անդրադարձան թէ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ ուժականօրէն կը զարգանան յարաբերութիւնները, առաւելագոյն չափով օգտագործելով առկայ կարողականութիւնները, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ, եւ թէ՝ անոնք կը սորվին իրարմէ ու հպարտ են իւրաքանչիւրի իրագործումներով: Անոնք յատկապէս ստորագծեցին գործակցութիւնը զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի, հաղորդակցութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս: Անոնք նաեւ անդրադարձան վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն: Վրաստանի Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց քաղաքավարական եւ խաղաղ միջոցներով տագնապի լուծման մասին, գնահատեց Նախագահ Սարգսեանի կարեւոր դերը այդ ուղղութեամբ եւ շեշտեց թէ Վրաստան կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի մէջ կայունութեան վերահաստատումը: Սարգսեան հաստատեց թէ երկու երկրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ծրագիրները ոչ միայն պիտի պահպանուին այլ նաեւ պիտի զարգանան:
Նախագահ Սարգսեան աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կիօրկի Մարկվելաշուիլիի հետ, ուր ան շեշտեց Հայաստան-Վրաստան «բարեկամական եւ մտերմիկ յարաբերութիւններ»ու առկայութիւնը որ կը շարունակէ զարգանալ:
Երկու կողմերը շեշտեցին վստահութիւնը թէ ոչ միայն կարող են պահել ներկայի յարաբերութիւնները միացեալ ճիգերով, այլ նաեւ մղել փոխադարձ համագործակցութիւնը նոր բարձունքներու:
Անկեղծ եւ ջերմ հանդիպումին աւարտին Հայաստանի Նախագահը հրաւիրեց իր Վրացի պաշտօնակիցին այցելել Հայաստան: