Հայաստանէն պտուղ-բանջարեղէնի արտահանումը աճած է

Ընթացիկ տարուան հինգ ամիսներուն, Հայաստանէն պտուղ-բանջարեղէնի արտահանումը շուրջ 80 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ցուցանիշը: Մասնաւորապէս, Մայիս 31-ի դրութեամբ, արտահանուած է 48 հազար, իսկ 2017-ի հինգ ամիսներուն՝ 27 հազար թոն պտուղ-բանջարեղէն:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, այսօր, Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ եղանակը բարենպաստ եղած է ատոր համար: «Այս տարի արտահանման ցուցանիշները աւելի  բարձր եղած են, քան անցեալ տարի: Պարզ է, այս տարի գիւղատնտեսութեան վիճակը աւելի լաւ է, բնութիւնը աւելի բարենպաստ եղած է, մէկ ամիս առաջ ինկած է տարին»,- ըսած է նախարարը:

Անդրադառնալով օրերս ՌԴ արտահանուած եւ վերադարձուած լոլիկի խմբաքանակին՝ Արթուր Խաչատրեան նկատած է, որ հարցը Սնունդի անվտանգութեան պետական ծառայութեան իրաւասութեան ներքոյ է, բայց ինքը խօսած է ՌԴ իր պաշտօնակիցին հետ, երկուստէք համաձայնած են ջանք չխնայելու, որպէսզի հայկական գիւղատնտեսական մթերքները արտահանման խնդիր չունենան: «Խօսքը արտահանուած լոլիկի մասին է: Մեր որոշ տարածաշրջաններու մէջ ունեցած ենք խնդիրներ, այնտեղէն արտահանում չենք ըներ, եթէ չկարենանք ապահովել պատշաճ պայմանները»,- նշած է գիւղատնտեսութեան նախարարը: