Չեխական CT2 հեռատեսիլի ալիքը, Մայիս 22-ին, վաւերագրական նոր շարժանկար մը ցուցադրած է Արցախի մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
«Եօթը աստղ Լեռնային Ղարաբաղի երկնքին» (Sedm hvezd nad Nոhornվm Karabachem) 52-վայրկեան երկարութեամբ շարժանկարի հեղինակներ Մարթին Մահտալը (Martin Mahdal, բեմադրիչ) եւ Մարգէթա Ատամցովան (Marketa Adamcova, արտադրող) կը պատմեն իրենց՝ Արցախ կատարած ճամբորդութեան մասին։ Վաւերագիրները նպատակադրած էին չեխ հանդիսատեսին ցոյց տալ, թէ ինչպէս կ՝ապրի ազատագրական պայքարի միջոցով անկախութիւն ձեռք բերած, միջազգայնօրէն չճանչցուած, սակայն ժողովրդավարական պետականութեան բոլոր տարրերը կերտած Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը։
Ըստ հեղինակներուն, Լեռնային Ղարաբաղը վայր մըն է, որ պարուրուած է բազմաթիւ առասպելներով, երկիր մըն է, որ միահիւսուած է կախարդական պատմութիւններու հետ, տեղ մը, որ լի է գեղեցիկ տեսարաններով, եւ, ամենակարեւորը՝ բարի մարդոցմով:
Շարժանկարին մէջ ցուցադրուած են բազմաթիւ հարցազրոյցներ տեղաբնակների, ինչպէս նաեւ Արցախ այցելած չեխ քաղաքագէտ Տոմաշ Շմիդի հետ։ Հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունի տեսնելու, որ, չնայած գրեթե 30 տարի շարունակուող ազատութեան համար պայքարի դժուարութիւններին, արցախցիները պահպանել իրենց հպարտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։
«Եօթը աստղ Լեռնային Ղարաբաղի երկնքին» վաւերագրականը շարժանկարը չափազանց գունեղ է, իրական, բարի եւ մարդկային, անիկա յիրաւի կարելի է Արցախի այցեքարտ համարել։ Ատոր մասին կը վկայեն չեխ հանդիսատեսի բազմաթիւ դրական արձագանգները եւ այն հանգամանքը, որ Չեխական հանրային հեռուստատեսութիւնը անիկա եւս երկու անգամ ցուցադրեց իր եթերով՝ Մայիս 24-ին եւ 28-ին։