Օփերա-Ճազզ համերգ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կազմակերպութեամբ կատարողական արուեստներու Գանատահայ ընկերակցութեան (CAAPA), Շաբաթ Մայիս 12, 2018-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ երեկոյեան ժամը 8.00-ին, տեղի ունեցաւ Օփերա-Ճազզ համերգ-ճաշկերոյթ. Ձօնուած մայրերու օրուայ առթիւ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի:

Բացման եւ բարի գալստեան ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի (CAAPA) ատենապետուհի Տիկ. Լինա Ուզունեան Սրբազան Հօր սեղաններու օրհնութենէ եւ ճաշի սպասարկութենէ ետք գործադրուեցաւ յայտագիրը Մոնթրէալէն յատկապէս հրաւիրուած էր Արտէն Արաբեան Ճազզ քառեակը ընկերակցութեամբ Գանատահայ ծանօթ Սոփրանօ Սաշա Ճիհանեան, իր խօսքերուն մէջ Արտէն Արաբեան յայտնեց թէ ինք եւ երգչուհի Սաշան յաճախած են Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան վարժարան ուրկէ շրջանաւարտ եղած են: Սաշան իր երաժշտութեան մասնագիտութիւնը զարգացուցած է օփերայի գծով, արձանագրած է յաջողութիւնները «Canadian Opera Company»ի միջոցաւ, նուաճելով առաջնութեան մրցանակներ Ֆիկարօ, Գարմէն, եւ շարք մը հանրածանօթ օփերաներու գլխաւոր դերերը ստանձնելով Ան վաստակած է պսակաւոր եւ ապա մագիստրոս վկայականները ու հրաւիրուած է ելոյթներ ունենալու Չեխիոյ, Պելճիքայի եւ այլ եւրոպական քաղաքներու եւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ:

Արտէն Արաբեան Ճազզ երաժշտութեան նկատմամբ ունեցած է բնածին տաղանդներ, «Montreal Jazz Festival»-ին մրցանակներու արժանացած է, յաջողութեամբ ստացած է Պսակաւոր Արուեստի վկայականը Մոնթրէալի համալսարանէն, զարգացուցած է հայկական եւ օտար ժողովրդական երգերու վերամշակումը, անոնց մէջ ներմուծելով Ճազզ-ի թեմաներ: Կազմակերպելով նաեւ երաժշտական քառեակ մը, Սաշա Ճիհանեանի հետ ան նոր եւ թարմ շունչ ներմուծած է դասական եւ ժողովրդական երգերու մէջ:

Այս տինամիք խումբը ներկայ հանդիսատեսներուն հրամցուց հայկական եւ օտար ժողովրդական երգերու փունջ մը, սկսեալ Կոմիտասէն մինչեւ Էլիկիա ու Շանսոն Պոհեմ, շնորհիւ Արտէնի եւ Սաշայի տաղանդաւոր նորութիւններուն նոր ուղի մը կը բացուի համաշխարհային երաժշտութեան մէջ:

Շնորհաւորելի է կատարողական արուեստներու Գանատահայ ընկերակցութեան անդամ-ուհիները ինչպէս անցեալին այս անգամ եւս կու գայ փաստելու մեր հանրութեան երաժշտական բարձր մակարդակը: