Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի Տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը

Կիրակի՝ 10 Յունիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին տեղի ունեցաւ 2017 տարեշրջանի ընդհ. անդամական ժողովը «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահէն ներս:

Ժողովի բացումը կատարեց ԹՄՄ Մոնթրէալի մասնաճիւղի ատենապետ պրն. Պերճ Գոգորեան, որ մանրամասն տուեալներ թուարկելով իր սրտի խօսքին մէջ, արտայայտուեցաւ վարչութեան տարուէ տարի ամէն մարզէ ներս ընդարձակուող գործունէութեան մասին, ապա յատուկ գնահատանքի խօսքերով անդրադարձաւ տիար Ժագ Քոֆթիքեանի նուիրումին, ու շեշտելով ըսաւ. «Այսօր առիթ մըն է յիշելու մեր ջերմ գնահատանքը անձնուէր երիտասարդի մը, որ երկար տարիներու գործունէութենէ ետք որոշեց հանգստեան կոչուիլ «Ապագայ» շաբաթաթերթէն: Ժագ Քոֆթիկեան ոչ միայն եղաւ մօտ 28 տարիներու աշխատակիցը, այլեւ անսակարկ ու համոզուած շարքային ընկեր մը, ու մանաւանդ սրտակից բարեկամ մը: Վարձքդ կատա’ր, սիրելի ժագ:»

Ապա ընտրուեցաւ օրուան դիւանը՝ Պրն. Պարգեւ Նազարէթեան – Ատենապետ եւ պրն. Ծերոն Օհանեան – Ատենադպիր: Օրուան դիւանի Ատենապետի շնորհակալութեան խօսքերէն ետք ընթացք տրուեցաւ օրակարգի նիւթերուն:

Առաջին օրակարգը եղաւ ընթերցում նախորդ Ընդհ. Ժողովի ատենագրութեան եւ վաւերացում: Ատենագրութիւնը կարդացուեցաւ օրուան ատենադպիրին կողմէ եւ վաւերացուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Ապա ներկայացուեցաւ տարեկան գործունէութեան տեղեկագրութիւնը, որ ընթերցուեցաւ վարչութեան ատենադպիրին՝ Տիկ. Ծովակ Սողիկեանի կողմէ, ուր ան շեշտեց թէ 2017 տարին բացի իր բեղուն գործունէութեան քանակին՝ ան իր հետ հասարակ յայտարար ունեցաւ նաեւ որակը: Պէտք է աւելցնել «Ապագայ» շաբաթաթերթին հրատարակումը, թատերական զոյգ ներկայացումները, ուրբաթօրեայ ընթրիքները, ճատրակի խումբի փորձերն ու մրցանքները, Պրիճի հանդիպումները, Արմենականներու, պատանիներու ու կրտսերաց հաւաքներն ու ճամբարները, Սեւան Ճամբարի որակաւոր կազմակերպուած աշխատանքները, Նայիրի պարախումբի վերսկսումը եւ այլ գործունէութիւններ:

Անցնող տարուան ընթացքին, վարչութիւնը խանդավառուած էր ընդհանուր զարգացման թափը շարունակելով: Ուրեմն տեւականութիւնը պահեց՝ գիտական, գեղարուեստի, բժշկական, տնտեսական, ազգային եւ այլ զանազան նիւթերու մասին բանախօսութիւններ կազմակերպելով: Որակաւոր այլ ընկերային մտերիմ հանդիպումները շարունակուեցան ձմեռուայ ու գարնան ժամանակաշրջաններուն:

Ատենադպրուհի Տիկ. Սողիկեան իր համապարփակ տեղեկատուութեան մէջ մէկ առ մէկ մանրամասնօրէն տեղեկացուց ժողովականներուն՝ կատարուած բոլոր աշխատանքները եւ ներկաներուն ծափողջոյնով վերջացուց իր տեղեկատուութիւնը:

2017 տարեշրջանի գործունէութիւններու թիւը կը հաշուէր՝ 51 ձեռնարկ, որ եռապատկուած էր բաղդատմամբ նախորդ երկու տարիներուն:

«Ապագայ» շաբաթաթերթի եւ ABAKAnews.org-ի տեղեկագրութիւնը ներկայացուց «Ապագայ»-ի ժրաջան եւ գործունեայ խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեան: Ան իր խօսքին մէջ մատնանշեց, որ ԱՊԱԳԱՅ շաբաթաթերթը  կը շարունակէ լոյս տեսնել եռալեզու բովանդակութեամբ անխափան կերպով, ապա յիշեց թէ անցեալ շաբաթ «Ապագայ» շաբաթաթերթը հրատարակեց իր 2139-րդ թիւը, իսկ ABAKAnews.org-ը բոլորեց իր երրորդ ամբողջական տարուան մը շարունակական սփռումը: Ան նաեւ մատնանշեց թէ «Ապագայ»-ն թեւակոխեց իր 43-րդ տարին:

Պրն. Պագգալեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ժագ Քոֆթիքեանի տարիներու աշխատանքին եւ նուիրումին՝ գնահատանքի խօսքեր արտասանելով անոր մասին:

Պրն. Խմբագիրը նշեց նաեւ, որ 2018 տարին յատկացուցած են Մայրենի լեզուին եւ յատկապէս «Արեւմտահայերէնին» եւ այդ ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք կը տարուի թերթի էջերուն մէջ:

Աւետիս Պագգալեան իր խօսքին աւարտին յատուկ շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը կանգնին թերթին ամէն ձեւով, ըլլայ անիկա սիրողական աշխատանքով, կամ նիւթական օժանդակութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Դոկտ. Արշաւիր Կօէնճեան բարձր գնահատեց թերթի աշխատանքը եւ անդրադարձաւ թերթի կարեւորութեան մասին, անոր որքա’ն նրբութիւն եւ բծախնդրութիւն պահանջող աշխատանք ըլլալը եւ իր կարգին գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագիրին եւ թերթի անձնակազմին:

«Տիգրան Պետրոսեան» ճատրակի երիտասարդական խումբին վերաբերեալ արտայայտուեցաւ պրն. Պերճ Գոգորեան, որ ըսաւ թէ ճատրակի խումբը հիմնուեցաւ 2015 թուականին եւ թէ մեր երիտասարդ ուժերէն՝ Երուանդ Տէմիրճեանը պատասխանատուութիւն ստանձնած է ղեկավարելու խումբը: Ներկայիս մասնակից աշակերտներու թիւը հասած է 25-ի, եւ հաճոյքով տեղեկացուեցաւ, որ խումբը զանազան մրցանակներ նուաճած է ու բարձր գնահատականներ ստացած է: «Ահաւասիկ մեծ գոհունակութեամբ պէտք է արտայայտուիմ, որ դասընթացքները կը շարունակուին ամէն Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7-էն մինչեւ 9-ը» ըսաւ ան եւ աւելցուց թէ շրջանաւարտ ճատրակի տղաներու բացակայութիւնը կը լրացնեն իրենց ծնողքը, ճատրակի օրերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելով:

Ընկերային Յանձնախումբի տեղեկագրութիւնը ներկայացուց Պրն. Վարդիվառ Մուղալեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց իրենց տարած աշխատանքները, որոնք մեծ գոհունակութիւն ստեղծած էին յատկապէս Սուրիահայ մեղուաջան աշխատակիցներու եւ երիտասարդացի մասնակցութեամբ:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ վերջերս Մոնթրէալ հաստատուած Սուրիահայերու մասնակցութեան մասին Թէքէեան Մշակութային Միութեան յարկէն ներս:

 

Նիւթական տեղեկատուութիւնը ներկայացուց պրն. Հրաչ Թորիկեան, որ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Պրն. Աւետիս Ճիհանեանին եւ Տիկ. Սալբի Մարկոսեանին, հաշիւներու առնչութեամբ իրենց ցուցաբերած օգտակար աշխատակցութեան համար, ապա բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:

Վարչական անդամներու ընտրութիւնը տուաւ հետեւեալ արդիւնքները՝ Արթօ Մանուկեան, Նուպար Պապիկեան, Պերճ Գոգորեան, Տէմսի Արզումանեան, Սարգիս Մարաշլեան, Ալէն Էսսէն, Ալէն Ղազարեան, Վիգէն Աբգարեան, Ծովակ Սողիկեան, Աբրահամ Տէմիրճեան եւ Խաչիկ Ճէրճեան:

ժողովը աւարտեցաւ ժամը 4:20-ին Օրուայ ատենապետի փակման խօսքէն յետոյ, ուր ան յատուկ գնահատական խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց,  որոնք սատարեցին այս տարեշրջանի գործունէութեանց, որոնց կարգին՝ ԱՊԱԳԱՅ-ի անձնակազմը, ՀԱՅ ԲԵՄ-ի բոլոր մասնակից ուժերը, ABAKAnews-ի բոլոր օժանդակողները, ԹՄՄ-ի Արմենական երիտասարդները, Տիկնանց եւ Ընկերային Յանձնախումբի ժրաջան անդամները, Bridg-ի խումբը, Տիգրան Պետրոսեան ճատրակի խումբի երիտասարդ ղեկավարն ու մասնակիցները, քարտուղարութիւնը, «Հովանաւորէ Ուսուցիչ մը» ծրագրին աշխատողները, նուիրատուները եւ ի վերջոյ՝ համայն անդամակցութեան ու զօրավիք կանգնողներուն, որոնք անսակարկ կերպով նեցուկ կանգնեցան տարուած աշխատանքին, առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար նման գործունէութեամբ լեցուն տարեշրջան մը բոլորել:

 

«ԱՊԱԳԱՅ»