Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան Երեքշաբթի, 19 Յունիսին ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Զարեհ Սինանեան Հայաստանի մէջ իրականացուած թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին սատարողներէն եղած էր՝ նախաձեռնելով զօրակցութեան հաւաքներ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին առջեւ: Սինանեան մարզպետ Պետրոսեանին յայտնեց, որ յեղափոխութենէն ետք սփիւռքահայ գործարարներ փափաք յայտնած են այցելելու Հայաստան՝ զանազան ծրագիրներով:
Կոտայքի մարզպետին հետ զրոյցին ընթացքին Սինանեան յայտնեց, որ Սեպտեմբերին կը նախատեսուի Քալիֆորնիա նահանգէն մեծ պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն: Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան Սիլիքոն հովիտի առաջատար Տեղեկատւութեան ճարտարարուեստի (IT) կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, գիւղատնտեսական բնագաւառի գործարար ներկայացուցիչներ եւ խորհրդատուներ, նաեւ այլ որլորտներու մէջ աշխատող սփիւռքահայ գործարարներ: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Սեպտեմբերի այցին ընթացքին Քալիֆորնիոյ պատուիրակութիւնը ընդունիլ նաեւ Կոտայքի մարզին մէջ:
Ռոմանոս Պետրոսեան Կլենտէյլի քաղաքապետին նուիրեց Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրի հակառակ կողմը» գիրքը: