ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան, Գանատայի, Ալբանիայի Հանրապետութեան եւ Թուրքմենստանի քաղաքացիներու համար առանց վիզայի վարչաձեւ սահմանուեցաւ։
Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 2018 թուականի Յուլիս 10-էն ետք:
Ըստ այս որոշման վերոյիշեալ պետութիւններու քաղաքացիները հնաերաւորութիւն ունին այցելել եւ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի մէջ առաւելագոյնը 180 օր ժամկէտով` մէկ տարուան ընթացքին` ազատելով զիրենք մուտքի վիզա ձեռք բերելու պահանջէն: Այս մէկը ոչ միայն կը նպաստէ զբօսաշրջութեան խրախուսման ու խթանման, այլեւ նոր սկիզբ կը հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան շարք մղը նոր ոլորտներու ուրուագծման եւ զարգացման համար:
Նախագիծը մշակուած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէն: