Երեքշաբթի՝ 3 Յուլիս 2018-ի առաւօտեան Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը ողողուած էր Սեւան Ճամբարի մանուկներու ուրախութեան բացագանչութիւններով՝ երբ անոնք այս տարի առաջին անգամ կը հանդիպէին իրենց նախորդ տարուան ճամբարի ընկերներուն: Մանուկներու ուրախութեան կը հասնէր նաեւ սիրելի ծնողներուն ուրախութիւնը երբ անոնք կը դիմաւորուէին Ճամբարի ժպտադէմ վարիչներու եւ ճամբարի պատասխանատու Տիկին Կարինէ Թաշճեան-Ճիէրճեանի կողմէ, ուր վստահութեան զգացումները կը փոխանցուէր իրենց:

Ահաւասիկ դարձեալ գեղեցիկ մթնոլորտ մը Թէքէեան Մշակակութային Միութենէն ներս, ուր տարիներէ ի վեր վստահելի ու հաճելի յիշատակներով լեցուն օրեր ստեղծած էր, մասնաւորաբար մատչելի գիներով ու դաստիարակիչ անակնկալներով: