Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մշակած եւ հրապարակած է շարք մը գրաւիչ եւ գործնական ելեկտրոնային գիրքեր եւ բոլոր տարիքի համապատասխան ընտանեկան ծրագիրներ՝ Հայաստանի վերաբերեալ նիւթերով: Ասոնցմէ նորագոյնը, «Վայոց Ձոր» խորագիրով ելեկտրոնային գիրքն է, որ պատրաստուած է Սմիթսոնիըն հաստատութեան «Իմ Հայաստան» ծրագիրին հետ համագործակցութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման ծրագիրին նիւթական աջակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզին մէջ կը գտնուին մեծ թիւով պատմական հնութիւններ եւ զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ տեսարժան վայրեր: Կարելի է յիշել Արենի 1 ժայռափոր քառանձաւներու համալիրը, ուր կը գտնուի աշխարհի հնագոյն գինիի գործարանը՝ Արենի 1-ը: Նաեւ 8րդ դարու Թանահատի Վանքը, 10-րդ դարու Սմբատաբերդ ամրոցը եւ Նորավանքի վանական կառոյցը: Նոյն մարզին մէջ են նաեւ Ջերմուկի բուժական ձայտաղբիւրները եւ հանքային ջրաւազանները:

Ելեկտրոնային գիրքին մաս կը կազմեն շարժուն քարտէսներ, տեսահոլովակներ, 360 աստիճան տեսադաշտով լուսանկարներ եւ պատմողական ձայներիզներ, որոնք կը ներկայացնեն Վայոց Ձորի ճարտարագիտութեան, երկրաբանութեան, արկածախնդիրները շահագրգռող գործունէութիւններու, խոհանոցային, տօնավաճառներու եւ մշակութային յայտագիրներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ, ճամբորդութեան ծրագրումի օժանդակ ցուցմունքներ, նաեւ պանդոկներու եւ ճաշարաններու մասին տեղեկութիւններ եւ հայերէն գործածական նախադասութիւններ: Մէկ խօսքով, իտէալ հանրագիտարան մըն է ասիկա, պատմասէրներու, բնութեան սիրահարներու եւ ճամբորդողներու համար:

«Վայոց Ձոր»ը երրորդն է ճամբորդական օժանդակ ելեկտրոնային գիրքերու շարքին, որուն մաս կը կազմեն «Յայտնաբերէ Երեւանը» եւ «Հայկական Բարձրավանդակը»: Այս գիրքերը տրամադրելի են անվճար եւ զանոնք կարելի է ներբեռնել ելեկտրոնային բոլոր համակարգերու համար, www.agbu.org/armenia/travel կայքէջէն:

Ելեկտրոնային գիրքերուն առընթեր, ՀԲԸՄը պատրաստած է ամէն տարիքի փոքրիկներու համար ճամբորդական համակարգչային դիւրընկալելի ծրագիր մը: Ծրագիրը կը քաջալերէ մանուկները յայտնաբերելու հետաքրքրական ծանօթութիւններ, Երեւանի եւ շրջակայ տարածքներու վերաբերեալ, ներառելով Գեղարքունիքի եւ Վայոց Ձորի շրջանները: Իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող «Իմ Հայաստան» թուայնական ճամբորդական այս ուղեցոյցը, որ մանուկները կը ծանօթացնէ երկրին՝ հաճելի եւ մասնակցային միջոցառումներով, կը գործէ նաեւ անգլերէնով, փորթուկալերէնով եւ ֆրանսերէնով, գործածողները ծանօթացնելով հայերէն գործածական բառերու: Ներբեռնելու համար ծրագիրը, այցելեցէք www.agbu.org/Armenia/travel կայքէջը: