… ՈՒՐ 130 ԱՄԵԱՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՔՍԱՆՆԵՐ ԿԸ ՏՈՂԱՆՑԵՆ

«Բայց եւ ինչպէս ամէնքդ ալ, վերջին պահուն, ձեր դիմաց

Երազային, շատ պայծառ ուրիշ Արեւ մը տեսաք»:

Վահան Թէքէեան

Սիրե՜լի Փարամազ, սիրելի Քսաննե’ր,

«Պայազիտի» արիւնոտ հրապարակէն մինչեւ «Ազատութեան» թաւշային հրապարակը, ողջոյն ունինք ձեր ընկերներէն, որովհետեւ նոյն գաղափարաբանութիւնն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

«Իսկ Ս.Դ.Հ.Կ.- ը կը կոչուի մայր կուսակցութիւն, ոչ թէ որովհետեւ ամենահին կամ առաջին կուսակցութիւնն է եղած, այլ որովհետեւ ծնունդ առած է ուղղակի ժողովուրդին ակունքէն ու ծոցէն»: .- (Գերշ. Աբգար Սրբազան)

Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան 130 ամեակը կը փառաբանուէր «Centre Armenie» ի մէջ:

Կիրակի, 8 Յուլիս 2018:

Տիար Կիրակոս Թիւթիւնճեան՝  Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան կեդրոնական վարիչ անդամ եւ Տիար Համբիկ Սարաֆեան՝ ատենապետ Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան, իրենց ներկայութեամբ ու բանախօսութեամբ արժեւորած էին օրուայ հանգամանքը: Երկուքն ալ հպարտօրէն պարզեցին կուսակցութեան ազգային ու համազգային, մարդկային ու համամարդկային եւ վերջապէս գաղափարական սկզբունքներու պահպանումի համար, ամենաթանկագինը՝ կեանքի գինը:

Իսկ ամենահետաքրքրականը, թէ երկուքն ալ, երբ իրենց խօսքը ուղղեցին երիտասարդութեան, յորդորեցին զգոյշ մնալ մենատիրութենէն ու առաջնորդ ունենալ միասնական ոգին իբրեւ նախապատուութիւն:

Իրենց վերջին խօսքը՝ թէ, – մեր հաւատամքը մեր հայրենիքն է ու Արցախը:

… Եւ յայտագիրը սահուն կերպով կ’ընթանար:

* Մարիա Նուպարեան դեռատի օրիորդը ասմունքեց «Հնչակեան 20 վկաները» (Վ. Թէքէեան) ցնցիչ էր ու զգացումով լի: Որմէ յետոյ արտասանեց «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»-ի տարբեր վարկածը: Հաճոյքով բաղդատեցինք Չարենցի եւ  Արամայիս Սահակեանի  նմանութիւնը:

* Պրն. Կարէն Մանուչարեան զգացումով նուագեց (Ջութակ) Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն Արտեմի Այվազեանի «Աղջկայ երգ»-ը եւ «Կռունկ»-ը Կոմիտասի:

Վայելեցինք «Սասունցիներու պարը» Գէորգ Էմինի երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը:

Տիկ. Սիլվա Քարաօղլանեանի դիւրահաղորդ ոճն ու լեզուի մաքուր առոգանութիւնը մեզ հմայեց: Պիտի փափաքէինք զինք լսել աւելի յաճախ:

* Կարելի չէ աննկատ անցնիլ Տիկ. Մարօ Քարաօղլանեան-ի բացման խօսքին:  Յստակօրէն ու անսայթաք կերպով, ներկայացուց Ս.Դ. Հ. կուսակցութեան 130ամեայ անցած ուղին ամբողջացնելով տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, որ շատ գեղեցիկ ձեւով պատրաստուած էր:

Տարիներ ծառայած ու հաւատարիմ իրենց ուխտին՝ Պրն. Վահան Գազանճեան եւ Պրն. Գրիգոր Տէմիրճեան յարգուեցան պատուագրերով: 130ամեակի յանձնախումբին այս ժէսթը

մեծապէս գնահատուեցաւ:

Վերջին խօսքը առաւ ( խօսքէն փունջ մը՝ սոյն յօդուածին սկիզբը կը գտնուի) Գանատահայոց թէմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան:

Զօրեղ այլ անոյշ հոգեւոր իր շունչին տակ կար եւ գողտրիկ աշխարհականը, կարծես ժամանակի ու այժմէական սրընթաց արագութեան հետ ընթացք պահած էր Սրբազան Հօր արտայայտութիւնը: Եւ ան վերջացուց ըսելով,- պարե’նք, «Սասնա պարը՝ Արարատի լանջին»:

Սրբազան հօր պահպանիչով վերջ կը գտնէր այս փառաւոր հանդիսութիւնը՝ հպարտութեան զգացումներով լեցնելով ներկաներուն հոգին:

Վե՞րջ կը գտնէր…

Չե’մ կարծեր…

Վերջ չէր գտներ… այլ կարծես աւելի թարմացած ու վերակենդանացած էր այդ հպարտութեան զգացումը:

Քսաններու տեղ, հազարներ շարունակեցին ու կը շարունակեն այդ առաքելութիւնը:

«Պայազետի բարձունքէն՝ ես

Վաղուան հունձքը տեսայ…»:

(Գառնիկ Ադդարեան)

 

Պերճ Գոգորեան