ՀՀ կառավարութիւնը մասնաւոր ընկերութեան արտօնեց «Մեղրի» ԱՏԳ-ի մէջ 195 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիր իրականացնել

ՀՀ կառավարութեան որոշումով «Բոնվառոն» ՍՊԸ-ին տրամադրուած է «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի (ԱՏԳ) տարածքին շահագործողի արտօնութիւն՝ մշակող արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, համեմատական ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ նախատեսուած է ծրագիրին ընթացքին արտահանման տարեկան ծաւալները 1 միլիոն ԱՄՆ տոլարէն հասցնել  5,1 միլիոն տոլարի:

«Ընկերութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել շուրջ 195 միլիոն տոլարի ներդրում, պիտի ստեղծուի 102 նոր աշխատատեղ: Արտահանման ուղղութիւններն են ՌԴ-ն, Վրաստանը, Իրանը եւ այլ երկիրներ»,- ըսած է Մինասեան՝ աւելցնելով, որ այս ընկերութիւնը առաջինն է, որ կը ստանայ Մեղրի ԱՏԳ-ի մէջ գործունէութիւն իրականացնելու արտօնութիւն:

«Կարեւոր է, որ իրականացնենք համակարգում՝ հասկնալու համար, թէ ինչ դժուարութիւններու կը բախի ընկերութիւնը, որպէսզի անոնք յետագային կարգաւորենք»,- ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: