Այս տարուան Սեպտեմբերին, Մարտակերտի շրջանի Ծմակահողի, Ասկերանի եւ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքի դպրոցներուն մէջ պիտի բացուի եւս 3 «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարան, որուն իբրեւ արդիւնք, Արցախը պիտի ունենայ 13 տարրալուծարան:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ՏՃՁՄ) գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան՝ նշելով, որ իրենց նպատակն է Հայաստանն ու Արցախը դարձնել բարձր ճարտարագիտութիւններու կերոններ:
Անոր խօսքով՝ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներու արտաքին պահանջարկը շատ մեծ է, եւ իրենք կը փորձեն պատրաստել այնպիսի մասնագէտներ, որոնք պիտի ունենան աշխատանք եւ իրենց գործով օգտակար պիտի ըլլան հայրենի երկրի զարգացման ու շէնացման:
«Մենք կը պատրաստենք երեխաներ, որոնք յետագայի պիտի մտածեն իրենց գործարար ծրագիրներով աշխատանքի համաշխարհային շուկայ ելլելու մասին: Յառաջիկային, Մեքսիքոյտ մէջ պիտի իրականացուի համաշխարհային ռոպոթաշինութեան մրցոյթ, որուն ամբողջ աշխարհէն պիտի մասնակցի 160 խումբ: Չորս մասնակից ալ որոշած ենք մենք ուղարկել: Յոյսով ենք, որ անոնք պիտի արձանագրեն լաւ արդիւնքներ՝ բարձր պահելով Հայաստանի պատիւը»,- մասնաւորապէս ըսած: