Արդուինի միջնադարեան ամրոցը զբօսաշրջիկներու համար բաց պիտի ըլլայ

Մեծ Հայքի Տայոց աշխարհին մէջ գտնուող Արդուինի (Արթուին) միջնադարեան ամրոցը՝ Ճորոխ գետի ափին, պիտի բացուի զբօսաշրջիկներու համար, կը հաղորդէ westernarmeniatv.com-ը:

Արդուինի ամրոց այցելելը նախապէս արգիլուած էր, քանի որ կը գտնուէր ռազմական տարածքի մէջ, բայց այժմ անիկա կը պատրաստուին բանալու բոլորի համար:

Նշենք, որ Արդուինը դարեր շարունակ հայաբնակ եղած է: 9-11-րդ դարերուն Արդուինը կը մտնէր Բագրատունիներու իշխանութեան, 11—13-րդ դարերուն` Վրաց Բագրատունիներու թագաւորութեան մէջ, 13 դարու 30-ական թուականներուն զայն գրաւած են մոնղոլ-թաթարները, իսկ 1555 թուականին` օսմանեան թուրքերը:

20-րդ դարու սկիզբը անոր ամբողջ բնակչութիւնը 8000 շունչ էր, որմէ մօտ 7000-ը` հայեր: 1921-ին, երբ Արդուինը նորէն անցաւ Թուրքիոյ, հայերը գաղթեցին եւ վերաբնակեցան Վրաստանի, Աբխազիոյ եւ Սովետական Հայաստանի մէջ:

Հայերը մեծաւ մասամբ կը զբաղէին արհեստներով ու առեւտուրով: Ամենատարածուած արհեստներէն էին մանածագործութիւնն ու ջուլհակութիւնը, փայտամշակումը` հիւսնութիւնն ու ատաղձագործութիւնը:

20-րդ դարու սկիզբներուն ունէր 5 եկեղեցի` Ս. Աստուածածին, Պօղոս–Պետրոս, Գր. Լուսաւորիչ, Ս. Խաչ եւ առաքելական Ս. Աստուածածին անունները: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կից 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկզիբները կար դպրոց: