ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Օգոստոս 10-ին, Տաւուշի մարզ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին այցելեց «Տաւուշ Տեքստիլ» ընկերութիւն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Տաւուշ Տեքստիլ» ՍՊԸ-ի հիմնադիր Սուրէն Երիցեանի ուղեկցութեամբ վարչապետը շրջեցաւ ընկերութեան տարածքին մէջ, ծանօթացաւ արտադրական հնարաւորութիւններուն, անցած ուղիին, ձեռքբերումներուն: Սուրէն Երիցեան վարչապետի հետ զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ որակեալ մարդուժի խնդիրին մասին՝ նշելով, որ մասնագէտներու կարիք ունին: Ան նշեց, որ Բերդին մէջ գործող ուսումնարանի հետ համաձայնութիւն եղած է հաստոցներ, նիւթեր տրամադրելու մասնագէտներ պատրաստելու համար, որպէսզի յետագային գործարանին մէջ աշխատին, բայց դեռ նորութիւն չկայ: Սուրէն Երիցեանի բարձրացուցած հարցին անդրադարձաւ վարչապետը:
«Ատիկա շատ կարեւոր հարց է: Ուսումնարանները պէտք է սկսին աշխատիլ: Մեր կրթական համակարգի խնդիրը որն է, ուսանողը կ՝աւարտէ, տեղ չկայ, որ աշխատի: Հիմա պէտք է կրթական համակարգը այն տրամաբանութեան մէջ դնել, որ փորձնականի հետ կապուած ըլլայ»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
«Տաւուշ Տեքստիլ» ՍՊԸ-ն հիմնադրուած է 2015-ին՝ գործարար Սուրէն Երիցեանի կողմէն: Ներկայիս ընկերութիւնը ունի արտադրութիւններ Չորաթան, Արծուաբերդ , Բերդ համայնքներուն մէջ եւ սպասարկող արտադրամաս՝ Մովսէս համայնքին մէջ: «Տաւուշ Տեքստիլ» ՍՊԸ-ն ունի շուրջ 1500 գործող հաստոց: 2018-ին արտադրուած է 23,238,991 զոյգ բանուորական ձեռնոց, որուն 19,329,662 զոյգը՝ 1,253,047,281 դրամի չափով, իրացուած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ շուկաներուն մէջ:
«Տաւուշ Տեքստիլ» ՍՊԸ-ի մէջ կ՝աշխատի շուրջ 520 աշխատակից Բերդ, Արծուաբերդ, Չորաթան, Մովսէս, Տաւուշ, Վերին Կարմիր աղբիւր, Նորաշէն համայնքներէն՝ միջինը 135 հազար դրամ աշխատավարձով: Յառաջիկային կը ծրագրաւորուի աւելցնել հաստոցներու քանակը եւս 600 հատով, որ պիտի ստեղծէ եւս 150-200 աշխատատեղի: